Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Մեծ Յաջողութեամբ Սկսաւ «Աստուածային Կատակերգութիւն» Թատերախաղի Ներկայացումը

23 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուիլ «Աստուածային կատակերգութիւն» թատերախաղը, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:

Արդարեւ, ներշնչուելով Իզոտոր Շթոքի, Տանթէի եւ Զոհրապ Եագուպեանի «Աստուածային կատակերգութիւն»-ներէն, Յակոբ Տէր Ղուկասեան իր այժմէական անձնադրոշմ  մեկնաբանութեամբ, համախմբելով իր շուրջ արհեստավարժ դերասաններ Զաւէն Պաաքլինի, Յովսէփ Գափլանեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Ժան Պեքերեճեան, Վարդան Ազնաւորեան, Արփի Սողոմոնեան, Արին Յովսէփեան, նաեւ օգնական բեմադրիչ Հրայր Գալեմքերեան, անգամ մը եւս լիբանանահայ թատերասէր հանրութեան հրամցուց սոյն կատակերգութիւնը:

2305tadron1

Երկնային եւ երկրային աշխարհներու մէջ զարգացող այս թատերախաղը կեդրոնացած է չար եւ բարի ուժերու միջեւ մղուող պայքարին վրայ: Իբրեւ պատիժ երկինքէն երկիր աքսորուած մարդը կ՛ապրի իր ճակատագիրը, երբ Եւայի նախատիպարը կ՛ապստամբի Աստուծոյ դէմ, որ իր կարգին զայրանալով սպաննել կու տայ զինք եւ կը փոխարինէ Եւայով: Եւա խորամանկութեամբ խելահան կ՛ընէ Ադամը, որուն հետեւանքով Աստուած երկիր կ՛ուղարկէ զիրենք: Խաղը կը շարունակուի Աստուծոյ եւ Ադամ ու Եւայի միջեւ: Մարդը կը շարունակէ իր գոյապայքարը` իր կամքով ընտրելու բարին կամ չարը: Եւ ինչպէս բեմադրիչը կը հաստատէ. «Արարիչին պատկերով ստեղծուած մարդը ազատ կամք եւ բարիք դրսեւորող էակն է: Այդպէս պէտք է ըլլայ հայ մարդը եւ հայ ստեղծագործը»:

«Աստուածային կատակերգութիւն»-ը կը շարունակուի բեմադրուիլ  նաեւ յառաջիկայ ուրբաթ, 30, շաբաթ, 31 մայիսին եւ կիրակի, 1 յունիսին:

aztagdaily.com

Scroll Up