Փրկելու համար արեւմտահայերէնը

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ԻՒՆԵՍՔՕ-ն 2012 թուականին յայտարարած էր, որ արեւմտահայերէն լեզուն կը դասուի վտանգուած լեզուներու շարքին՝ համեմատելով զայն ափրիկեան, հարաւ ամերիկեան եւ ասիական զանազան ցեղախումբերու տոհմիկ լեզուներուն,  առանց  համեմատելու մերը` որպէս աշխարհի ամենէն քաղաքակրթուած լեզուներէն մին, գուցէ շա~տ աւելի´ն, քան այն Օսմանեան Թուրքիոյ բորենիներու աննկարագիր բարբառէն։  Ա´յն թուրքերուն, որոնք կանխամտածուած կերպով ծրագրեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը աշխարհի երեսէն ոչնչացնելու համար հայութիւնը եւ լռեցնել տալու մեր դարաւոր լեզուն։

Մեծ Եղեռնի դարադարձի շեմին յաճախ մամուլէն թէ բեմերէն մտաւորականներ սկսած են հարցականի տակ առնել մեր լեզուի ապագան։  Դարձեալ միջազգային կրթական ու գիտական այդ մարմինը 86 տարիներու կեանք մը միայն կը շնորհէ արեւմտահայութեան ճակատագրին համար։  Գուցէ իրաւունք ունի գիտական հիմունքներու վրայ հաստատուած այդ հաստատութիւնը, երբ նկատի կ’ունենայ որ Սփիւռքի ամենէն հայաշունչ գաղութին` լիբանանահայութեան ծոցին մէջ վերջին տասնամեակին ոչ հայկական վարժարաններ յաճախողներուն թիւը համեմատած անցեալին կրկնապատկուած է։  Տակաւին չենք գրեր ֆրանսահայութեան 400 հազարնոց գաղութի, ռուսահայութեան աւելի քան մէկ միլիոն ընդարձակ գաղութին, ամերիկահայութեան մէկ միլիոնի հասնող, հարաւ ամերիկեան եւ միւս միջին արեւելեան գաղութներու հայախօսութեան մասին։

Այս բոլորին մասին ընդարձակ զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Դոկտ. Արտա Ճեպեճեան լեզուաբանն ու «լեզուահոգեբանը»։  Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Հայ Դպրոցներու եւ Մշակութային Կեդրոնի կազմակերպութեամբ Մայիս 16, 2014ի երեկոյեան, ուր իրա´ւ սրտցաւ հայերու մեծ խումբ մը հաւաքուած էր Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ սրահներէն մին  իրաւասու դառնալու օրուան դասախօսին գիտական մօտեցումով ներկայացուցած եւ խղճմտօրէն պատրաստուած դասախօսութիւնը, որ եզակի նախաձեռնութիւն մըն էր, անկասկած,  ինքնին այս համայնքէն ներս։  Դժբախտութիւնը սակայն այն էր,  այդ երեկոյ, ցասումով կը յայտնէինք մեր լեզուի կորուստին մասին անգլերէն լեզուով, երբ ներկաներուն աւելի քան 95 տոկոսը հայերէն կը խօսէր ու կը հասկնար …։

Օրուան զեկուցաբերին ներկայացուց Առաջնորդարանի Հայ Դպրոցներու Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնի տնօրէն Կիլտա Քիւբելեան։

Դասախօսը` Դոկտ. Ա. Ճեպեճեան կու գայ Կիպրոսէն եւ հեղինակ է 22 տարբեր լեզուական հրատարակութեանց։  Բացի մայրենիէն տիրապետած է 4-5 միջազգային լեզուներու։  Դասախօս է Նիկոսիոյ Համալսարանէն ներս 2007 թուականէն սկսեալ եւ դասախօսած է զանազան հայկական համայնքներէն ներս։

Ան համեմատեց հայերէնը կորստեան ճակատագրի ենթակայ տարբեր լեզուներուն հետ, որոնց կարգին մեր ժողովուրդին հետ ճամբայ քալած հրեայ ժողովուրդին գործածած եբրայերէնի եւ եյիտիշ  լեզուներուն, որոնք անցնող երկու տասնամեակներուն շնորհիւ տարուած համայնքային եւ պետական միջամտութիւններուն արդէն վերադարձ մը կը կատարեն եւ որոշակի յոյսի նշաններ ակնյայտ են, որ մինչեւ քանի մը տասնամեակ նոր սերունդ մը պիտի գայ, որ տիրապետած պիտի ըլլայ այդ զոյգ հրեական լեզուները։  Ինքնին այս մաս կը կազմէ պետական քաղաքականութեան մը երբ հրեայ ժողովուրդը վերահասու կը դառնայ թէ ժողովուրդի մը համար լեզուն կը մնայ միա´կ գրաւականը միութիւն ստեղծելու եւ դառնալու ազգութիւն։  Արդէն իսկ նոր պարբերականներ եւ հրատարակութիւններ լոյս կը տեսնեն վերոյիշեալ այդ զոյգ լեզուներով։

Հայերէն լեզուի ուսուցման նորագոյն մեթոտներու որդեգրումը աւելի քան անհրաժեշտ գտաւ օրուան դասախօսը։  Նոր ժամանակներու էլեքթրոնային եւ համակարգչային ծրագրումները հայերէն լեզուի դասաւանդութեան եւ գործածութեան մէջ ան կարեւորեց եւ այդ ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ որոնելու աշխատանքի համար հրաւէր ուղղեց մեր կրթական մշակներուն եւ հաստատութիւններուն։  Արեւմտահայերէնը մատչելի դարձնելու հեռանկարով անյապաղ անհրաժեշտութիւն նկատեց արագօրէն վերանայելու մեր կրթական համակարգը եւ բերելու ներդաշնակ ուսումնական ծրագիր մը, հասկնալի եւ դիւրամատչելի ըլլալու սահմանուած։

Վստահաբար, ներկաներէն շատեր, պիտի չուզէին լսել Դոկտ. Արտա Ճեպեճեանէն Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ընդառաջ եղած այն ժխտական երեւոյթները մեր լեզուին հետ կապուած։  Սակայն մինչեւ ե՞րբ, խուլ եւ կոյր պէտք ենք ձեւանալ չընդունելու մեր տան սեմին արդէն հասած այն ահաւոր աղէտը, երբ 2000ամեայ մեր լեզուն կորսնցնելու վտանգին սեմին ենք։

Տրուեցան սրտցաւ հարցադրումներ եւ նոյնքա´ն մըն ալ անձնական տեսակէտներով յայտարարութիւններ, որոնք թերեւս անտեղի պիտի նկատուէին տարբեր դասախօսութեան մը պարագային, սակայն, հո´ն, այդ իրիկուն, այդ լեզուին տէրերն էին որ կ’արտայայտուէին իրենց իսկ մեծ ցաւին մասին, դասախօսին տալով առիթ աւելի համարձակօրէն արտայայտուելու խստութեամբ այն բոլոր ծնողներուն հանդէպ, որոնք չեն քաջալերեր իրենց զաւակները աւելի շփուելու իրենց մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրիկներուն հետ եւ կամ իրենց զաւակները արձանագրելու օտար վարժարաններ, իբրեւ թէ աւելի բարձր կրթութեան կրնան հասնիլ անոնք, առանց նկատի ունենալով գոնէ Լիբանանի հայկական վարժարաններէն շրջանաւարտ այն երիտասարդները, որոնք կը գրաւեն միջազգային տնտեսական, առեւտրական, հասարակական թէ քաղաքական բարձր պաշտօններ ու դիրքեր։

Օգտակար դասախօսութիւն մըն էր, անկասկած։

Յակոբ Վարդիվառեան

Նիւ Եորք

Scroll Up