«Հայկական Եկեղեցին Նովի Սադի Մէջ. Ջնջուած Ժառանգութիւն» Խորագիրով Ցուցահանդէս Նովի Սադի Մէջ

Մայիս 15-ին Սերպիոյ Նովի Սադ քաղաքի թանգարանի Արտասահմանեան արուեստի հաւաքածուի ծիրին մէջ բացուեցաւ «Հայկական եկեղեցին Նովի Սադի մէջ. Ջնջուած ժառանգութիւն» խորագիրով ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսը հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարեց եւ ելոյթով հանդէս եկաւ Սերպիոյ մօտ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Փրեդրագ Տոմիչը:

Թանգարանի խորհրդատու եւ արուեստաբան Լիլիանա Լազիչի նախաձեռնութեամբ իրականացուող ցուցահանդէսը եւ անոր հեղինակած գիրքը նուիրուած են 1746թ. Նովի Սադի հայերու կողմէ հիմնադրուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատմութեան, որ 1963թ. քանդուած է մարշալ Թիթոյի անուան պուրակի շինարարութեան համար:

Ցուցահանդէսի այցելուներուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ եկեղեցական միջավայրին բնորոշ տարբեր պարագաներու, գիրքերու, կտաւներու, հագուստներու միջոցով ծանօթանալ Նովի Սադի հայ համայնքի պատմութեան, հասկնալ անոր ծագման, աւանդոյթներուն եւ կրօնական պատկանելութեան ուրոյն առանձնայատկութիւնները: Ցուցադրութեան երկրորդ հատուածին մէջ ներկայացուած էին նաեւ ժամանակակից նկարիչներու աշխատանքներ, որոնք, ոգեշնչուելով Նովի Սադի հայկական եկեղեցւոյ ինքնատիպութեամբ, այն պատկերած են իրենց կտաւներուն մէջ:

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ օգոստոս 31: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուցին ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up