Ախալցխայի Հայերը Նախակրթարանի Կարիքը Ունին

Մէկ ամիս առաջ Ախալցխայի քաղաքապետարան դիմում ներկայացուած էր, որուն համաձայն` Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնը, Վահրամ Գայֆեճեանի անուան ստեղծագործողներու միութիւնը, Ախալցխայի հայկական թիւ 3 հանրային դպրոցը եւ Ախալցխայի Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը ցանկան, որ քաղաքի հայկական դպրոցին մէջ նախակրթարան ձեւաւորուի, որու կարիքը քաղաքին մէջ խիստ կը զգացուի:
Նամակին սկիզբը հիմնականին մէջ կը խօսուէր այն մասին, թէ ինչ աւանդ ունեցած են հայերը Ախալցխա քաղաքի կայացման եւ զարգացման, հայ-վրացական միջմշակութային կապերու խորացման եւ բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ:
Նամակին յաջորդ մասին մէջ դիմորդները տեղական իշխանութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած են այն փաստի վրայ, որ Ախալցխայի հայերը նախակրթարանի կարիքը ունին, որպէսզի մանուկները այնտեղ ստանալով հայոց լեզուի մասին որոշ գիտելիքներ` հեշտութեամբ կարենային յաճախել հայկական դպրոց, ինչ որ ժամանակին եղած էր տուեալ դպրոցի շէնքին մէջ եւ փակուած էր նախկին իշխանութեան օրօք:
Նամակին վերջին մասին մէջ դիմորդները պատրաստակամութիւն յայտնած էին իշխանութիւններէն թոյլտւութիւն ստանալու պարագային գտնել հովանաւորներ դպրոցի առաջին յարկի թափուր սենեակներու վերանորոգման եւ կահաւորման համար, ինչպէս նաեւ, եթէ իշխանութիւնները ի վիճակի չեն, հոգալ նախակրթարանի յետագայ ֆինանսական կարիքները:
Նամակին մէջ նաեւ նշուած էր, որ անհրաժեշտութեան պարագային ԱՀԵԿ կեդրոնի, Վահրամ Գայֆեճեանի անուան ստեղծագործողներու միութեան , Հայկական թիւ 3 հանրային դպրոցի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները պատրաստ են հանդիպելու եւ իշխանութիւններուն հետ քննարկելու բոլոր յառաջացած հարցերը եւ տուեալ ծրագիրի իրականացման համար անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու:
Պատասխան նամակը ստացուեցաւ ընդամէնը մի քանի օր առաջ` մայիս 13 թուագրութեամբ, ուր նախադպրոցական կրթական հաստատութիւններու տնօրէն Ն. Գելաշուիլին կը տեղեկացնէ դիմորդ կազմակերպութիւններուն` թիւ 3 հայկական դպրոցի տնօրէնին եւ Եկեղեցւոյ, որ Ախալցխայի շրջանին մէջ կայ 15 մանկապարտէզ, որոնցմէ քաղաքի երկու մանկապարտէզներուն մէջ գոյութիւն ունին հայկական խմբակներ, եւ մէկ մանկապարտէզ կայ Ախալցխայի շրջանի Պամաճ գիւղին մէջ, որ եւս հայալեզու է:
Ցաւով պէտք է յիշեցնենք նախադպրոցական կրթական հաստատութիւններու տնօրէն Ն. Գելաշուիլիին եւ տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք եւ ներկայացուած էին դիմումները, որ դիմորդներու նպատակը բոլորովին չէ եղած տեղեկանալ այն մասին, թէ Ախալցխայի շրջանի 15 մանկապարտէզներէն ընդամէնը 2-ին մէջ կայ հայկական բաժին, այն պարագային, երբ քաղաքի հայութիւնը բնակչութեան ընդհանուր թիւի մօտ 40 տոկոսը կը կազմէ, այլ նամակի ներքոյ ստորոգրեալները նպատակ ունեցած են խնդիրի ընկալման եւ լուծման, քանզի Եւրոպական արժէքները դաւանել ձգտող Վրաստանի մէջ ազգային փոքրամասնութիւնները պէտք է ունենան նախակրթարան կամ մանկապարտէզ բանալու իրաւունք` հէնց պետական աջակցութեամբ:
Յոյսով ենք, որ Ախալցխայի տեղական իշխանութիւնները նամակին կը պատասխանեն ըստ էութեան, քանզի տուեալ պատասխանը չի բաւարարեր դիմումատուներուն եւ աւելի շատ նման է խնդիրով հետաքրքրուած անտեղեակ անհատին տեղեկացնելուն` չպատասխանելով բարձրացուած եւ ոչ մէկ հարցի:
Էդուարդ Այվազեան
Ախալցխա
http://javakhkmedia.com/