«Թումոյի» Ներկայացուցիչները Հիւրընկալուած Էին «Հայորդաց Տան» Մէջ

Հայաստանի մէջ գործող <<Թումօ>> ստեղծարար տեքնոլոկիաներու կեդրոնը այս տարի պիտի իրականացնէ 12-18 տարեկան պատանիներու ամառնային ճամբար, որուն ընթացքին մասնակիցները հնարաւորութիւն կ’ունենան ուսանելու համար ընտրել կեդրոնի ներկայացուած չորս հիմնական ուղղութիւներէն երկուքը եւ 1-4 շաբթուան ընթացքին մասնակցիլ Հայաստանի մէջ իրականացուելիք ամառնային դասընթացներուն:

Մոսկուաբնակ պատանիներուն իրազեկելու նպատակով` Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի օրհնութեամբ Մոսկուայի <<Հայորդաց տան>> մէջ հիւրընկալուած էին <<Թումօ>> կեդրոնի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը եւ հաղորդակցման բաժինի ղեկավար Արամ Գիւմիշեանը:

Հանդիպման ժամանակ Թումոյի  ներկայացուցիչները կրթօճախի 12-18 տարեկան սաներուն եւ անոնց ծնողներուն ներկայացուցին կեդրոնի գործունէութեան եւ ամառնային ճամբարի մանրամասները:

Հանդիպման աւարտին <<Հայորդաց տան>> տնօրէն Հմայեակ Գէորգեան նշեց, որ ամառնային ճամբարը պատանիներուն հնարաւորութիւն կու տայ գործնականին մէջ պատկերացում կազմել այնպիսի ուղղութիւններու մասին, ինչպիսիք են` անիմացիան, կայքէջերու մշակումը, թուային մետիան եւ տեսախաղերու ստեղծումը:

Հանդիպումը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց ներկաներուն մօտ, քանի որ այն հնարաւորութիւն  կու տայ ոչ միայն ընդարձակելու  պատանիներու գիտելիքները, այլ միաժամանակ ըլլալու հայրենիքի մէջ եւ ծանօթանալու հասակակից հայրենակիցներու հետ:

Արմինէ Կարեյեան, Մոսկուա

Scroll Up