Մոսկուայի Մէջ Պիտի Ստեղծուի «Ռուսաստանի Հայագէտներու Ընկերութիւն»

Վերջերս Մոսկուայի մէջ ստեղծուած է «Ռուսաստանի հայագէտներու ընկերութեան» հիմնադրման նախաձեռնող խումբ, որու կազմին են ՌԴ ԳԱ թղթակից-անդամ, ԳԱ ռուսաց լեզուի ինստիտուտի փոխտնօրէն Վլադիմիր Պլունգեանը, բանասիրական  գիտութիւններու թեկնածու Բուրաստան Զուլումեանը, արուեստագիտութեան դոկտոր Արմէն Ղազարեանը, գրող, նկարիչ, արուեստաբան Նինա Գաբիրիելեանը եւ «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն»  կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեանը:

Նախաձեռնող խումբը նպատակ ունի յունիսի վերջը Մոսկուայի մէջ հրաւիրելու «Հայագիտութիւնը Ռուսաստանի մէջ. պատմութիւն եւ ժամանակակից հեռանկարները» գիտաժողովը, ուր եւ պիտի ներկայացուի «Ռուսաստանի հայագէտներու ընկերութեան» հիմնադրման առաջարկութիւնը:

Խորհրդային տարիներուն ընդհատուած են Ս.Փեթերսպուրկի եւ Մոսկուայի հայագիտական փառահեղ աւանդոյթները, սակայն այսօր մեծաթիւ հայ համայնքի համար արդէն շատոնց հասունցած  է Ռուսաստանի մէջ հայկական կրթութեան եւ գիտութեան վերածնումը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից ուսումնասիրութիւններու կազմակերպումը տարբեր բնագաւառներու մէջ` պատմութիւն, ազգագրութիւն, գրականութիւն, լեզուաբանութիւն, քաղաքագիտութիւն եւ այլն:

«Ռուսաստանի հայագէտներու ընկերութիւնը» պիտի նպաստէ  քանի մը կարեւորագոյն խնդիրներու լուծումը. հայկական խնդիրներով զբաղող գիտնականներու համախմբումը, գիտական եւ կրթական կեդրոններու ստեղծումը, երիտասարդ գիտնականներու հայագիտական ուսումնասիրութիւններու խրախուսումը: Կը նախատեսուի, որ ընկերութիւնը Ռուսաստանի եւ Հայաստանի համապատասխան ակադեմական, կրթական եւ հետազօտական հիմնարկներու, տարբեր երկիրներու մէջ գործող համանման կազմաւորումներու գործընկեր կը դառնայ:

Ռուս-հայկական համագործակցութիւն

Scroll Up