«Հայոց Ցեղասպանութեան կենդանի կարեւոր յուշարձան մըն է Արշալոյս Մարտիկեանի պատմութիւնը»,- կ’ըսէ Հայկ Դեմոյեանը

Չորեքշաբթի` 15 Մայիսի երեկոյեան, ժամը 8ին, Աթէնքի Ռազմական թանգարանէն ներս հրապարակային ելոյթ տեղի ունեցաւ, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան, Ռ.Ա.Կ.ի Շըրջանային Վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի համակազմակերպութեամբ: Օրուայ բանախօսն էր պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինսթիթութի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը:
Իր նախաբանին մէջ պրն. Դեմոյեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինսթիթութի ցուցադրութիւններու եւ ընդհանուր աշխատանքներու ծիրին շուրջ, ապա անցնելով իր դասախօսութեան նիւթին հանդիսատեսներուն ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրող եւ Ամերիկա ապաստանած Արշալոյս Մարտիկեանի ոդիսականը, որ Հոլիվուտի պատրաստութեամբ ժապաւէնի վերածուեցաւ, ժողովուրդի լայն զանգուածներուն ծանօթացնելով Ցեղասպանութեան արհաւիրքը:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեան, վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան եւ հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն ու ՌԱԿի Շրջանային Վարչութիւնը, ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ ՌԱԿի Հայ Իրաւանց խորհուրդը, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան, Հայ Կապոյտ Խաչի, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչականներ ու անդամներ, ինչպէս եւ Աթէնքի երեսփոխան Թանիա Իաքովիտու:
Օրուայ նախագահն էր «Ազատ Օր»ի խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայ Դատի առընչուող բնագաւառներու վերադասաւորումներու հոլովոյթին եւ այդ ծիրէն ներս ուժեղ բովանդակութեամբ ներկայանալու եւ թշնամիին շարժումներուն դիմաց դիրքեր գրաւելու տենդագին արշաւի ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանը, որ հակիրճ բացատրեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինսթիթութի աշխատանքներու ծիրը եւ ներկայացուց օրուայ հիւր բանախօսի գործունէութիւնը:
Ապա բեմ բարձրացաւ օրուայ դասախօս պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինսթիթութի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան: Ան ծանօթացուց հերոսուհի՝ Արշալոյս Մարտիկեանի պատմութիւնը, որ Ցեղասպանութենէն փրկուելով ապաստանած է Ամերիկա, հայոց պատմութիւնն ու Ցեղասպանութեան հարցը աշխարհին ծանօթացնելու աշխատանք տանելով:
1919 թուականին հեռատեսիլ չկար եւ լուրերու տարածումը միայն թերթերու եւ շարժապատկերի միջոցաւ կը կատարուէր: Արշալոյս Մարտիկեան պատմած է իր պատմութիւնը, որ գիրքի վերածուած է, ապա նկարահանուած է «Հոգիրներու աճուրդ» ֆիլմին մէջ:
Հայ ժողովուրդի ողբերգութեան մասին պատմող գիրքն ու ժապաւէնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած են, իսկ անկէ գոյացած եկամուտը տրամադրուած է հայ որբերու պատսպարման հսկայական աշխատանքին:
Արշալոյս Մարտիկեանի անունը փոփոխութեան ենթարկուած է՝ Աուրորա Մարտիկանեանի վերածուելով: Ան ամուսնացած է հետագային ու մէկ տղայ ունեցած: Այսուհանդերձ մենակեաց կեանք ապրած է ու մոռացութեան մատնուած: Մահացած է 1994 թուականին Լոս Անճելըսի մէկ ծերանոցի մէջ, 98 տարեկանին: Իսկ մահէն ետք ոեւէ մէկը չէ հետաքրքրուած իր դիակով: Հերոսական հայուհիի աճիւնը դիակիզուած է:
Բանախօսութեան վերջաւորութեան պրն. Դեմոյեան ցուցադրեց «Յօշոտուած Հայաստան» անձայն ֆիլմի 18 վայրկեան տեւողութեամբ հատուած մը, որ նկարահանուած էր 1919-ին՝ Հոլիղուտի կողմէ: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած երիտասարդ Արշալոյս ինք կը մարմնաւորէ իր դերը ֆիլմին մէջ, խաղալով այդ նոյն տեսարանները, որոնց ականատես եղած էր, հոգեկան ծանր ճնշուած վիճակի մատնուելով: Առանց ընկրկելու սակայն, ան մինչեւ վերջ կը տանի իր պարտականութիւնը, գիտակցելով ֆիլմի քարոզչական ուժին, որ այնքան կարեւոր էր հայերու պատմութիւնը աշխարհին ներկայացնելու համար:
«Ազատ օր»