Գեղարուեստական Կրթութեան Միջազգային Շաբաթը` Ուրոյն Ստուգատես
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/middle_13a9db7fc81f4a73522f55b2460a87cc-300x225.jpg)
Գեղարուեստական կրթութեան դերն ու նշանակութիւնը կարեւոր կը համարուի ամբողջ աշխարհի մէջ: Այդ մասին կը վկայէ նաեւ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի Գլխաւոր ժողովի 36-րդ նստաշրջանը, ուր, սկսած 2012 թուականէն, իւրաքանչիւր տարուան մայիս ամսուան չորրորդ շաբաթը հռչակուած է «Գեղարուեստական կրթութեան միջազգային շաբաթ», որուն ծիրէն ներս մայիս 19-31 ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ հանրապետութեան մէջ կ’իրականացուին նպատակային բազմաբնոյթ ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ:
Գեղարուեստական կրթութեան միջազգային շաբաթը մեր երկրի արձանագրած ձեռքբերումներու եւ իրականացուող ծրագիրներու յատուկ հանրագումար-ստուգատես է, որուն ընթացքին հանրութեան պիտի ներկայացուի գեղարուեստական կրթութեան կարեւորութիւնը, այս ասպարէզին մէջ արտերկրի առաջաւոր փորձը, ինչպէս նաեւ ոլորտի զարգացման նպատակաուղղուած այն բոլոր նախադրեալները, որոնք ստեղծուած ու կ’ամրապնդուին ՀՀ կառավարութեան, պետական մարմիններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ծրագիրներով: Ոլորտի զարգացումը ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ծրագրային գերակայութիւններէն է եւ, բնականաբար, շաբթուան ընթացքին լայնօրէն պիտի ներկայացուին եւ լուսաբանուին նախարարութեան իրականացուցած եւ ընթացիկ ծրագիրները: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէն: