Լոուելի Մէջ, Մասաչուսէթսի Քաղաքապետարանին Մօտ Կանգնեցուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշարձան

Յուշարձանի նախագիծը հայ համայնքի անդամներու եւ քաղաքապետ Ճէյմս Միլինաձոյի օգնութեամբ սկսաւ իրագործուիլ 2011թ.-ին: Յետագային անոնց միացան Մերիմակ Վալիի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբի անդամները:

Պրոնզէ եւ Կրանիտէ պատրաստուած յուշարձանի նախագիծի հեղինակը Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանն է: Հեղինակը կը նշէ. «Քարն ու պրոնզը կը խորհրդանշեն մարմինի եւ  հոգիի միասնութիւնը»:

Յուշարձանի վերի հատուածին մէջ կան հիւսող եռաչափ ձեռքեր: Մեծ խաչը տեղակայուած է ձեռքերու ներքեւի մասը: Գործուածքի մէկ մասը, որ կախուած է խաչի վրայ, կը խորհրդանշէ հայկականութեան ուժն ու գեղեցկութիւնը:

Խաչի ներքեւը մակագրութիւն կայ. «Հանգոյց առ հանգոյց անոր ձեռքերը կը հիւսեն հայ ժողովուրդի պատմութիւնը: Չնայած ցեղասպանութեան ցաւին եւ սարսափին` հայ ժողովուրդը հանգոյց առ հանգոյց կը վերականգնէ իր յոյսերը եւ երազանքները, քանի որ մենք կը ծաղկին ու կը բարգաւաճինք»:

Յուշարձանի մէջտեղը անգլերէնով եւ հայերէնով գրուած է «Ի յիշատակ»:

 

 

Scroll Up