Օտարերկրացիներու Շարժանկար Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին
Ստեղծագործական խումբի պատմութիւնը սկսաւ տաս տարի առաջ, երբ ծագումով հայ, բայց քանատաբնակ ֆրանսախօս ռատիօհաղոդավար Փաթրիկ Մազպուրեան եկաւ Հայաստան նկարահանող Ալպերթօ Ֆայոի հետ ցեղասպանութեան վերապրածներու պատմութիւնները նկարահանելու: Հայերու ցեղասպանութեան մասին վաւերագրութեան նկարահանումները` Փաթրիկ Մազպուրեանի նոր նախագիծով ու Իվ Պեռնարի ղեկավարութեամբ, մեկնարկեցին այս տարի: Նկարահանումները սկսան նախ Թուրքիոյ մէջ, յետոյ տեղափոխուեցան Հայաստան: Շարժանկարին մէջ չկան դերասաններ:
Բոլորը իրական հերոսներ են` երիտասարդներ: Հարցերը, որոնք կը յղեն անոնց` ցեղասպանութիւնը ընդունելու պահանջները հասկնալն է: Ուաշինկթընի ու Նիւ Եորքի մէջ կը փորձեն հասկնալ Genocide բառը չարտասանելու ԱՄՆ քաղաքականութիւնը: Փորթուկալցի Ինեշ Ֆարոն նախագիծի լրագրողն է ու սենարիստը: Անոր հարցերու շնորհիւ մասնակիցները անկեղծութեամբ, երբեմն նաեւ կը բարկանան ու կը հրաժարին նկարահանումէն:
Վաւերաֆիլմի անունը դեռ որոշուած չէ: Նախագիծի պիւտճէն 1 միլիոն եւրոյէ
աւելի է: 53 վայրկեան տեւողութեամբ շարժանկարը, ֆրանսերէն ու անգլերէն լեզուներով, եւրոպական, քանատական եւ ամերիկեան հեռուստալիքներու եթերներուն կը յայտնուի յաջորդ տարի, ապրիլ 24-ին նախորդող ու յաջորդող օրերուն:
Հեղինակ` Լուսին Մկրտչեան
armnewstv.am