Հոգեւոր Ձեռնարկ Սպանիոյ Քատիս Քաղաքին Մէջ

Մայիս 3-ին Սպանիոյ Քատիս քաղաքին մէջ Սպանիոյ  եւ Փորթուկալիոյ մէջ Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ, տէր Սասուն ծայրագոյն վարդապետ Զմրուխտեանի առաջնորդութեամբ կազմակերպուեցաւ համայնքային ուխտագնացութիւն դէպի Սանթա Մարիա տէ Նազարենա եկեղեցի, որն այդ պատմական քաղաքին մէջ 17-րդ դարուն կառուցած են այնտեղ բնակութիւն հաստատած  հայ վաճառականները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Սպանիոյ տարբեր քաղաքներէ եւ շրջաններէ Քատիս  ժամանած էին շուրջ 250 սպանահայեր: Ձեռնարկին, որ հռչակուած էր որպէս Սպանիոյ մէջ կայանալիք` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սկզբնական ձեռնարկ, մասնակցեցան նաեւ Սպանիոյ մէջ ՀՀ գործերու հաւատարմատարն ու հիւպատոսը: Միջնադարեան եկեղեցւոյ  սրահին մէջ, որու պատերուն առկայ են հայատառ գրառումներ, սպանահայութեան հոգեւոր առաջնորդ Տ. Սասուն վարդապետ Զմրուխտեանը եւ Մատրիտէն ժամանած տէր Շնորհք աբեղայ Սարգեանը կատարեցին սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ Մեծ եղեռնի նահատակներուն:

Ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը` ուղղուած ուխտագնացներուն:

Ելոյթներով հանդէս եկան Սպանիոյ մէջ ՀՀ գործերու հաւատարմատար Խորէն Տէրտէրեանը,  Քատիսի Առաջնորդարանի աւագ ներկայացուցիչ Սանտեակօ Փոսադան եւ հոգեւոր հայր Պալպինօ Ռեգերան, որոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին 17-րդ դարուն Սպանիոյ մէջ հայ եկեղեցւոյ եւ համայնքի հիմնադիրները հանդիսացած  բարերարներ  Դաւիթ, Պօղոս եւ Յակոբ Շաքարեան եղբայրներուն:

Ուխտագնացութեամբ իրականացուած հոգեւոր ձեռնարկով սկիզբ  դրուեցաւ նաեւ Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն:

Scroll Up