Տեղի Ունեցաւ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու Մատեան» Գիրքի Իտալերէն Թարգմանութեան Շնորհանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/unnamed-533.jpg)
Ապրիլ 28-ին Սուրբ Աթոռին մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը վատիկանեան «Չենտրօ Ռուսիա էքումենիքա» (Centro Russia Ecumenica) մշակութային կեդրոնին մէջ կազմակերպեց ռումանահայ գրող, քաղաքական գործիչ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան» գիրքի իտալերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:
Ողջունելով ներկաները` Սուրբ Աթոռին մօտ ՀՀ դեսպան Միքայէլ Մինասեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու յետագայ սերունդներու կողմէ պապերու տեսած սարսափելի իրադարձութիւններու մասին յուշերը ամբողջ աշխարհով բարձրաձայն հնչեցնելու կարեւորութիւնը:
Շնորհանդէսի շուրջ 100 ներկաներու մէջ էին Վարուժան Ոսկանեանը, Սուրբ Աթոռի օրէնսդրական նիւթերու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ (Սուրբ Աթոռի արդարադատութեան նախարար) կարդինալ Ֆրանչեսկօ Կոկոպալմերիոն, Սուրբ Աթոռի բարձաստիճան այլ ներկայացուցիչներ, Սուրբ Աթոռին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինը, մասնաւորապէս` Փերուի, Ռուսիոյ, Ռումանիոյ, Ուրուկուէյի, Խորուաթիոյ, Պուլկարիոյ եւ այլ երկիրներու դեսպաններն ու դիւանագէտները, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու բարձաստիճան եկեղեցականներ, վատիկանեան, ռումանական եւ իտալական մշակոյթի եւ գիտական շրջանակներու, մամուլի, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:
Տեղեկանք.
«Շշուկներու մատեան» վէպը լոյս տեսած է 2009 թ. Պուխարեստի մէջ: Թարգմանուած է սպաներէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, գերմաներէն, հայերէն եւ այլ լեզուներով: Իտալերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է 2011 թ.` Անիթա Պեռնակիայի (Anita Bernacchia) թարգմանութեամբ, «Քելլեր Էդիտորէ» հրատարակչատան կողմէ: