Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ Զուիցերիոյ Օպերենտֆելտըն Քաղաքին Մէջ

Ապրիլ 27-ին Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս  Զուիցերիոյ գերմանախօս մասի Օպերենտֆելտըն քաղաքին մէջ տեղի  ունեցած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ: Այս մասին  «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Ելոյթ  ունեցած է Հայկական դպրոցական-ընտանեկան միութեան (ՀԴԸՄ) նախագահ Կարօ Օհանեան, որ մասնաւորապէս նշած է, որ համայն հայութիւնը պէտք է պահանջատէր ըլլայ Թուրքիոյ կառավարութենէն, որ նախ պէտք է ճանչնայ իր ոճրագործութիւնը, ատկէ ետք ներողութիւն խնդրէ եւ այնուհետեւ փոխհատուցում տրամադրէ:

Դեսպան Ազնաւուրի ուղերձը փոխանցած է Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Սաթենիկ Աբգարեան: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս կը նշուէր Մեծ եղեռնի 99-րդ տարելիցին արդարադատութեան, ճանաչման եւ իրաւունքներու վերականգնման բացակայութեան մասին, եւ որ Թուրքիոյ վարչապետի ապրիլ 23-ի յայտարարութեան մէջ «ցաւակցութիւն» բառը ո՛չ ճանաչում է, ո՛չ ալ առաւել եւս ներողութիւն: Թուրքիան մինչեւ օրս մարդկութեան դէմ կատարուած այդ մեծագոյն ոճրագործութիւնը ցեղասպանութիւն չճանչնալով ու չդատապարտելով` զոհերու սերունդներուն շարունակական ցաւ կը պատճառէ:

Ձեռնարկը շարունակուած է համերգով, որուն ընթացքին հայ երաժիշտներու կատարմամբ հնչած են Թ. Ալբինիոնիի, Ա. Խաչատրեանի, Ջ. Ուիլեամսի, Կոմիտասի եւ այլ երգահաններու յայտնի ստեղծագործութիւնները:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին Զուիցերիոյ գերմանախօս հատուածի հայկական համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ եւ զուիցերիացիներ:

Ձեռնարկը աւարտած է Սուրիոյ Քեսապ քաղաքէն բռնագաղթած հայերուն օժանդակութեան համար հանգանականութեամբ:

Scroll Up