Հանդիսաւոր հոգեհանգիստ Նէա Զմիռնիի հայկական յուշակոթողին կից

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստի արարողութիւնը կազմակերպուեցաւ Հինգշաբթի 24 Ապրիլ 2014ին, կէսօրէ ետք ժամը 16:30ին, Նէա Զմիռնիի «Էսթիա» մշակութային կեդրոնի հրապարակին վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին կից:

Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին՝ «Զանգակ»ին շուրջ ընթացող նորոգութեան աշխատանքները պատճառ դարձան որ մի քանի մեթր հեռաւորութեամբ տեղի ունենայ հոգեհանգիստը, որ կազմակերպուեցաւ Աթէնքի մարզպետարանի նախաձեռնութեամբ եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Ռ.Ա.Կի Հայ Իրաւանց խորհուրդի համագործակցութեամբ:

Հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերուն եւ կրօնական դասուն կողմէ տեղի ունեցաւ երգեցողութիւնը եւ հոգեհանգիստը Ապրիլեան Եղեռնի 1.500.000 զոհերու յիշատակին:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիս, եւ կառոյցներու փոխ մարզպետ Աթանասիոս Սփոնտիլիտիս:

Հելլէն հիւրերու կարգին ներկայ էին Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիս, Ատիկէի կառոյցներու փոխ մարզպետ Աթանասիոս Սփոնտիլիտիս, Նէա Զմիռնիի մետրոպոլիտ Սիմէոն արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ հայր Նիկողայոսը, Նէա Զմիռնիի նախկին քաղաքապետ եւ քաղաքապետական թեկնածու Եորղոս Քութելաքիս, փոխ քաղաքապետներ Վանկելիս Խաչատուրեան, Տիոնիսիս Քոնիտարիս եւ Մարինա Իաքովաքի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Նասոս Աթանասիու, Նորա Ղալանոփուլու, Նոթիս Եածիտիս, Անկելոս Սուրվինոս, Աթանասիոս Աթանասիու, Սթաթիս Քուփաս, Իոանիս Տիմաքիս, Փանաեոթիս Ցիափիս, Տիմիթրիս Պիսալաս, քաղաքապետական թեկնածու Նիքոս Սթեֆոս, Նիքէա-Ռենտիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էլէնի Ռումեան, ինչպէս նաեւ Նէա Զմիռնիի 4րդ նախակրթարանի տնօրէն Տիմիթրիս Սիութաս, Յունաստանի համապոնտական դաշնակցութեան կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ռանիա Խրիսոխոյիտու, Աթէնքի աշխատաւորական կեդրոնի նախագահի տեղակալ Եանիս Վասիլոփուլոս:
Ներկայ էին Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, ՀՀ արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Մինաս Մարտիկեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի զինուորական սպայից վարժարանի մէջ Հայաստանէն ուսանողները, գլխաւորութեամբ Յունաստանի մօտ ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեանի:
Ներկայ էին Ռ.Ա.Կ. Հայ Իրաւանց Խորհուրդն ու Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, յունահայ կրօնական դասը, ազգային մարմիններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հրապարակի մուտքին կանգնած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի արի-արենուշներու կազմերը, որոնք պատուի կ’առնէին ժամանող պաշտօնական անձնաւորութիւնները: Իրենց կողքին շարուած էր նաեւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան ֆանֆարը, որ նուագեց հայկական եւ յունական ոգերգները:
Օրուան հանդիսութեան նախագահեց ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան, որ յունարէն լեզուով փոխանցեց օրուան խօսքը:
Յաջորդաբար ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիս, եւ Ատիկէի կառոյցներու փոխ մարզպետ Աթանասիոս Սփոնտիլիտիս:
Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիս, դատապարտեց յոյն եւ հայ զանգուածներուն դէմ թրքական պետութեան ոճրագործութիւնը: Ան յիշատակեց Նէա Զմիռնիի եւ հայրենի Սիսիան քաղաքապետութեան հետ բարեկամական սերտ յարաբերութիւնները, հաւաստիացնելով թէ հայութեան կողքին պիտի գտնուի միշտ:
Ատիկէի փոխ մարզպետը իր կարգին զօրակցական խօսքերով արտայայտուեցաւ:


Դափնեպսակներու զետեղում

Դափնեպսակներ զետեղեցին՝ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, Ատիկէի կառոյցներու փոխ մարզպետ Աթանասիոս Սփոնտիլիտիս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիս, ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեան, յունահայ գաղութի կողմէ պրն. Նշան Չուլուքեան:

Մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին, ապա Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի ֆանֆարը հնչեցուց հայկական եւ յունական ազգային քայլերգը:

www.azator.gr

abril 24 zankag_fanfar_28-4-14 abril 24 zankag_gronagan tas_28-4-14 abril 24 zankag_hiourer_28-4-14 abril 24 zankag_scouts_28-4-14

Scroll Up