Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ Պարսելոնայի Մէջ

 Սպանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը եզրափակուեցաւ Պարսելոնայի մէջ ապրիլ 26-ին: Այդ օրը երեկոյեան Մար տէ Տէու տէ Լոս Անխելես եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած հայութեան, Քաթալոնիա նահանգի իշխանութիւնները ներկայացնող պաշտօնատար անձանց, հասարակական գործիչներու, հոգեւորականներու առջեւ Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց Սպանիոյ  եւ Փորթուկալիոյ մէջ Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ տէր Սասուն վարդապետ Զմրուխտեան: Աղօթքով արարողութեան մասնակցեցան Մար տէ Տէու տէ Լոս Անխելես եկեղեցւոյ ծխատէր հովիւ, տնօրէն Տօն Ռաֆաել Մենդեսը եւ հոգեւոր հայր, դոկտոր Արմանդ Պուիգը: Վերջինս, հանդիսանալով Քաթալոնիոյ համալսարանի Աստուածաբանութեան բաժանմունքի  տնօրէն, հանդէս եկաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած բանախօսութեամբ:

Ելոյթներով հանդէս եկան Հայկական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի նախագահ Գրիգոր Մաղաքեան, Սպանիոյ մօտ ՀՀ գործերու հաւատարմատար Խորէն Տէրտէրեան եւ Քաթալոնիոյ նահանգի խորհրդարանի նախկին անդամ, նահանգի գաղթականութեան վարչութեան փոխտնօրէն տիկին Անա Ռոզա Ֆորտունին: Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ համայնքային ուժերով կազմակերպուած համերգով: Եկեղեցւոյ սրահին մէջ երգչուհիներ Յասմիկ Իսահակեանի, Շուշան Յովհաննիսեանի, երգեհոնահար Նարինէ Կուլիկեանի եւ ջութակահար Տաթեւիկ Խաչատրեանի կատարմամբ հնչեցին Կոմիտասի դասական ստեղծագործութիւնները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up