Ժան Գազանճեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէս

 Հայաստանի ազգային պատկերասրահը կը ներկայացնէ Ժան ԳազանՃեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ մայիս 2-ին  ժ.15.00-ին:  Փարիզի մէջ ապրած տարիներուն Ժան Գազանճեան չէ հետեւած արտայայտչական միայն մէկ ձեւի, չէ յարած արուեստի իշխող որեւէ շարժման, ան ընտրած է տեսողական ուրոյն ուղիով ընթանալու ազատութիւնը: Հարաւային Քալիֆորնիա հաստատուելէ ի վեր Քազանճեանի արուեստի յատկանշական գիծ կը դառնայ սիւրռէալիզմի եւ փոփ -մշակոյթի փոխներգործութիւնը:

«Pille ou face» (Գիր թէ արծիւ) հսկայական եռանկարը բաղկացած է երեք պաստառէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն իր հերթին կազմուած է երեք մասէ, իսկ միասին ատոնք կը ստեղծեն մէկ միասնութիւն: Այդ միասնութիւնը կը ներկայացնէ տիեզերքի մէկ մասը իր չորս տարրերով` օդ, ջուր, հող եւ հուր: Պարողներու արտացոլուող տեսիլքը մտածել  կու տայ մարդկային արժէքներու  վաղանցիկութեան մասին: Երկն այստեղ ընթացքի մէջ է:

Իր «պաստառ-նկարներուն» Գազանճեան ստուերներու եւ ուրուագիծերու փոխներթափանցման միջոցով կը ստեղծէ  ուշագրաւ խորութիւն մը: 90-ական թթ. ի վեր արուեստագէտը կը սկսի տեղադրել նկարուած կտաւէն մօտաւորապէս մէկուկէս մատնաչափ հեռու  գտնուող` գրեթէ աննշմար թափանցիկ պաստառ: Դիտելով այն մօտէն, կը նկատենք, որ պաստառը կը փոխանցէ սեփական նկարուած պատկերը, իսկ երբ կը սեւեռենք մեր հայեացքը այդ երկպատկեր հարթութեան վրայ, աստիճանաբար կը սկսինք ընկալել  պատկեր մը միւսին միջով, միւսին հետ եւ իրար մէջ:

Ցուցահանդէսին մէջ  ներկայացուած երկերն ի յայտ կը բերեն Գազանճեանի ստեղծագործութեան բազմազան շերտերը` եռաչափ «պաստառ-նկարներէն» մինչեւ առաւել ֆորմալ դրուագանկարներն ու պղինձի վրայ եղած փորագրութիւնները: Պատկերահանդէսին  տեղ պիտի  գտնեն աւելի քան յիսուն աշխատանք, որոնք կը ներառեն քաղաքային բնանկարներ, նաեւ` հայկական թեմաներ,  ինչպիսիք են` Արշիլ Գորկիի դիմանկարներու շարքը, գաղթի նկարաշարը, ինչպէս նաեւ` անդրադարձ որոշ սրբապատկերային գործերու. Լէոնարտօ Տաւինչիի «Աւետում» կամ Մայքըլ Անճելոյի «Փիետա» ստեղծագործութիւններուն:

Ժան Գազանճեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը  նախատեսուած է  մայիս 2-27:

Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի  հասարակայնութեան հետ կապերու բաժին

Scroll Up