Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ. Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը

Ապրիլ 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց  ՀՅԴ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը:

Պարոն Մկրտիչեան շնորհաւորեց Հրանոյշ Յակոբեանին Սփիւռքի նախարարի պաշտօնին վերանշանակուելու առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային առաւել արդիւնաւէտ եւ բազմաբնոյթ կ’ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութիւնը:

Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Հայ մարմնակրթական  ընդհանուր միութեան դերը սփիւռքի մէջ երիտասարդներու հայեցի դաստիարակութեան, առողջ մարմինի մէջ առողջ հոգի ձեւաւորելու ուղղութեամբ ջանքերը, բարձր գնահատեց հայրենիքի հետ երիտասարդներու կապը ամրապնդելուն ուղղուած կառոյցի ծրագիրները:

Քննարկուեցան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Համաձայնեցան երկարաժամկէտ համագործակցութեան նպատակով յառաջիկային ստորագրել համաձայնագիր, համատեղ մշակելու եւ իրականացնելու նոր ծրագիրներ:

Scroll Up