Ապրիլ 23-ը Իրենց Համար Տօն Է, Մեզի Համար` Սուգ. Արսինէ Խանճեանի Նամակը` Թուրք Ժողովուրդին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/4659791398241696.jpg)
Արսինէ Խանճեանը եւս Պոլսոյ մէջ տպագրուող հայկական «Ակօս»-ի միջոցով նամակ ղրկած է թուրք ժողովուրդին: Նամակը` ստորեւ:
Ուղիղ մէկ տարի առաջ էր`Ապրիլին: Պոլսոյ մէջ էի եւ թուրք բարեկամուհիս` Ճ. Մ.-ն, ըսած էր, թէ օսմանեան շրջանի հայ գրող Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներու մէջ» գիրքէն յօդուած մը պիտի ընթերցէ ռատիոյի իր յայտագիրին ընթացքին: Ընթերցումը պիտի ըլլար իյիշատակ 1.5 միլիոն հայերու, որոնք նահատակուած էին Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ` թրքական կառավարութեան ձեռքով: Հաշտեցման միտումով բարեկամուհիս առաջարկեց, որ իմ ժողովուրդի ոտնակոխուած պատմութեան այդ բաժինները երկուքով ընթերցենք` հայերէն եւ թրքերէն` ամէն մէկը իր մայրենի լեզուով: Երբ կը քալէինք դէպի ռատիոընկերութիւն, նկատեցի, որ քաղաքը առաւել զարդարուած էր թրքական դրօշներով: Թուրք բարեկամուհիս բացատրեց, որ ապրիլ 23-ը կարեւոր տօն է, որ կը կոչուի «ազգային ինքնիշխանութեան եւ երեխաներու օր»: Այս առիթով երեխաները մէկ օր կը զբաղեցնեն Ազգային խորհուրդի նստարանները ու խորհրդանշական ձեւով կը կառավարեն երկիրը: Երբ հասանք տեղ, մեզմէ առաջ ներս կը մտնէին 8-10 տարեկան երեխաներ` իրենց ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ: Ատիկա դպրոցական այցելութիւն մըն էր` նշելու իրենց յատկացուած օրը: Անոնց ծիծաղը վարակիչ էր եւ աչքերը` հրճուանքով լեցուն: Ճ.-ն եւ ես հեռացանք անոնցմէ եւ տեղաւորուեցանք ձայնային պատասխանատուի առջեւ` տաղաւարին մէջ: Շուտով սկսանք ընթերցել Եսայեանի պատմուածքները Ատանայի` 1909-ի ջարդերու մասին: Ես տարուած էի` այս աղէտալի ու ահաւոր պատկերներու հեռարձակման հետեւող անծանօթ ունկնդիրներուհետ իմ փորձառութիւնը կիսելով: Իմ ժողովուրդի եւ նախնիներու պատմութեան սարսափելի մանրամասնութիւնները նշելու ժամանակ կը փորձէի զսպել զգացումներս: Երբ Ճ-ն սկսաւ արտասանել այդ տողը` «տեսայ մայրեր, որոնք խեղդած էին իրենց մանուկները, որպէսզի անոնց ձայները չբացայայտեն ընտանիքի թաքնուած վայրերը», երեխաներու խումբը լուռ մտաւ միւս սենեակ` հետեւելու մեր ձայնագրութեան: Ճ-ին պահ մը նայեցայ, խառնուած էր եւ անհանգիստ էր նստարանին վրայ: Սարսափած էր, թէ` հիմա անոնք ինչե՞ր պիտի լսեն: Ճ-ն նայեցաւ ինծի, նայեցաւ երեխաներուն ու կանգ առաւ: Աստուծմէ միշտ շնորհակալ պիտի ըլլամ այս բարեգութ պահուն համար: Բայց ցնցուած էի` նկատելով, թէ այդ անմեղ երեխաները միշտ պիտի կրեն հայերու դէմ եղածի բեռը, եւ ապագայ սերունդը պիտի ժառանգէ իրենց նախնիներու արարքներու աւանդը:
Այս երեխաներու մէկ մասը շառաւիղներն էին այն յանցագործներուն, անտարբերներուն կամ այդ պատմութիւնը ժխտողներուն, որ ոչնչացուցած էին իմ նախնիներուս երեխաներու կեանքը: Ոչ մէկ ծնող, ոչ մէկ դաստիարակ, ոչ մէկ կառավարութիւն չի կրնար պաշտպանութեան իրաւունք պահանջել, երբ մերժում կը քարոզէ, նենգութիւն, ապատեղեկատուութիւն եւ կեղծիք: Ոչ մէկը իրաւունք չունի տգիտութիւն եւ խաւար տարածել յանուն ազգայնական եւ ցեղային գաղափարներու:
Դժուար պիտի ըլլայ այդ երեխաներուն համար, քանի որ անոնց փրկութիւնը,
ազատութիւնը եւ արժանապատուութիւնը կարելի է վերականգնել միայն անցեալի հետ հաշտուած ապագային: Անցեալի մը, որ անխղճօրէն ժառանգուած է անոնց նախնիներու կողմէ` երկար ժամանակ անհետացած: Մեծ հայրս` Արիստակէսը, ծնած էր Էրզրում: 1915-ին, երբ հինգ տարեկան էր, իր փոքրիկ ծունկերուն վրայ կրած էր հօր գլուխը` գլխատուած իր իսկ աչքերուն առջեւ` թուրք զինուորի մը ձեռքով: Յետագային անոր զաւակները կոչուած էին ընտանիքի ոչնչացուած անդամներու անուններով` Մարի` մօր, Գրիգոր` հօր, Նշան` եղբօր եւ Զապէլ` քրոջ անուններով: Զապէլը մայրս էր:
Թարգմանութիւնը` Արազ Գայմագամեանի
yerkir.am