Էրտողան Ցաւակցած Է Հայերուն.Կրակը Ինկած Տեղը Կ’այրէ

Ապրիլ 24-ին ընդառաջ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ պաշտօնապէս ցաւակցական ուղերձ  յղած է հայերուն:  Ըստ radikal-ի` ցաւակցական ուղերձին մէջ Էրտողան ըսած է է,-«Ամբողջ աշխարհի հայերուն համար ապրիլ 24-ը պատմական հարցի շուրջ ազատօրէն խօսելու լաւ առիթ է: Անվիճարկելի է, որ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն, անկախ կրօնէ` թուրք, քիւրտ, հայ, արապ եւ ուրիշ միլիոնաւոր մարդոց համար դժուար ժամանակաշրջան եղած է: Ինչպէս մեր նախնիները ըսած են,` կրակը ինկած տեղը կ’այրէ: Ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան միւս բնակիչներուն, այնպէս ալ հայերուն ցաւը կիսելը, եւ անոնց յիշողութիւնները հասկնալը մեր մարդկային պարտքն է: Սակայն, հարկ կը   համարեմ նշելու, որ 1915-ը որպէս քաղաքական լարուածութեան միջոց օգտագործելը անընդունելի է: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կատարուած դէպքերը բոլորիս համատեղ վիշտն է: Պէտք չէ, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի դէպքերու պատճառով տեղի ունեցած տեղահանութիւնը հայերու եւ թուրքերու միջեւ մարդկային վերաբերմունքի եւ վարքագիծի խոչընդոտ հանդիսանան: Կ’ուզենք, որ 20-րդ դարու սկիզբը իրենց կեանքը կորսնցուցած բոլոր հայերու հոգիները հանգչին խաղաղութեամբ, իսկ անոնց թոռներուն մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք»:

yerkir.am

Scroll Up