Ցեղասպանութեան Կանխարգելման Վերաբերեալ Գիտաժողով ՄԱԿ-ի Մէջ

ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիի Տաք Համարսկեոլտի անուան դահլիճին մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան ու  շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու հովանաւորութեամբ իրականացուեցաւ Ցեղասպանութեան կանխարգելման նուիրուած գիտաժողով, որուն բանախօսներն էին թուրք մտաւորականներ Հալիլ Պերքթայը (Սապանջը համալսարան), Ֆիլիզ Չելիքը (Լոնտոնի համալսարան) եւ լրագրող Հայկօ Պաղտաթը:

ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութիւնը ամենամեայ այս համագումարին մշտապէս կը բարձրացնէ ցեղասպանութեան կանխարգելման եւ այդ յանցագործութեան պատժման գործին մէջ միջազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը, կ’անդրադառնայ կրթութեան ու կրթական ծրագիրներու առաձնայատուկ դերին:

Օրուան բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձած են ներկայիս թրքական հասարակութեան շրջանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած քննարկումներուն եւ ընդգծած այդ առնչութեամբ Թուրքիոյ մէջ իրազեկուածութեան բարձրացման կարեւորութիւնը: Բանախօսները նաեւ անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ հնարաւոր քայլերուն` ներառեալ հայերու գոյքի ու կարողութիւններու, ժառանգներու փոխհատուցման հետ կապուած հարցերուն:

Գիտաժողովին մասնակցած են անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ ու մեծ թիւով օտարերկրեայ հիւրեր: Այս մասին «Հայերն  այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up