Սուրբ Յարութեան Տօնը Մէկտեղած Էր Մոսկուաբնակ Հայութիւնը

Ապրիլ 20-ին Մոսկուայի Սուրբ Պայծառակերպութիւն եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներով: Նորակառոյց եկեղեցական համալիրն իր դռները բացած էր անթիւ-անհամար հայ հաւատացեալներու առջեւ, որոնք վաղ առաւօտեան մասնակցեցան Սուրբ Յարութեան Պատարագին, ապա անմասն չմնացին եկեղեցական համալիրի բակին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներէն: Պատարագէն ետք հաւատացեալները` Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի ուղեկցութեամբ, դուրս եկան բակ, ուր մասնակից դարձան ոչ միայն ազգային երգ ու պարին, այլեւ ազգային խաղերուն: Հայրենիքէն հեռու մեծցած երեխաներէն մէկ մասը կեանքին մէջ առաջին անգամ լսեց հայկական բակային խաղերու գոյութեան, ձեւաւորման մասին պատմութիւններ, մեծերու օգնութեամբ փորձեց խաղալ այսպէս կոչուած «չլիկ-դաստա», «քարկտիկ», «եօթ քար» եւ զարմանքով ու հիացմունքով հետեւեցաւ լարախաղացի հմուտ շարժումներուն: Իսկ շքեղ ձեռնարկի մեկնարկը տրուեցաւ աղաւնիներու բացթողմամբ, որու խորհրդաւորութիւնը համակեց բոլորին:

Հայերու սիրած տօնը համախմբած էր ծանօթն ու անծանօթը, մեծն ու փոքրը, իսկ ներկաները Սուրբ Պայծառակերպութեան տաճարն այնքան հոգերահազատ  կ’ընդունէին, որ  պահ մը անգամ մոռցած էին հայրենիքէն հեռու գտնուելու մասին, շատերն ալ զարմանքով եւ ժպիտով կ’արձագանքէին կողքէն լսուող հայերէնին:

Թեմակալ առաջնորդ Եզրաս սրբազանի օրհնութեամբ եկեղեցական համալիրի բակին մէջ կազմակերպուած, մինչեւ ուշ երեկոյ շարունակուած ձեռնարկին ընդգրկուած էին Մոսկուայի մէջ գործող տասնեակ հայկական մշակութային կազամակերպութիւններ եւ անհատ-կատարողներ: Անոնց մէջ էին` «Հայաստանի ծաղիկներ», «Վարդանանք», «Հայորդիք» համոյթները, ինչպէս նաեւ թեմի Մոսկուայի Հայորդաց տան «Հայասա» պարային համոյթը (գեղ. ղեկավար` Արփինէ Ամիրեան, ղեկավար` Մարգարիտա Գրիգորեան), «Նորահրաշ» եւ  «Ովսաննա» երգչախումբերը (գեղ. ղեկավար` Լենա Բեգլարեան), «Ակունք» ժողովրդական գործիքներու համոյթը (գեղ. ղեկ.` Մեխակ Խաչատրեան), որոնք իրենց փայլուն կատարումներով մեծ հիացմունք եւ ոգեւորութիւն պարգեւեցին ներկաներուն (համերգի պատասխանատու` Համլէտ Ղալեչեան): Յատկապէս Հայորդաց տան սաներու իւրաքանչիւր համար բուռն ընդունելութեան կ’արժանանար ներկաներու կողմէ, որոնք վաղուց նման բացօթեայ լայնածաւալ հայկական ձեռնարկի մը ներկայ ըլլալու հնարաւորութիւն չէին ունեցած: Կրթօճախի սաներն իրենց կատարումներով եկան ապացուցելու, որ ազգային հաւատքէն, մշակոյթէն, նիստուկացէն չհեռացող հայը նախանձելի օրինակ է միւսներուն համար:

Տօնական տրամադրութիւնը, ազգային երգն ու պարը միախառնուած էին` հայերուն դարձնելով մէկ ամբողջութիւն եւ յիշեցնելով մեծն բանաստեղծի պատգամը, ըստ որուն` հայու փրկութիւնն իր միասնականութեան մէջ է: Իսկ փրկութեան, ազգապահպանութեան խնդիրին հայը օտար հողի վրայ կը բախուի ամէն օր, ամէն ժամ ու ամէն վայրկեան, սակայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ իրականացուող նման լայնածաւալ, հայկականութիւն արթնցնող ձեռնարկները կը ստիպեն «արթուն ըլլալ» եւ մոռնալ ազգային նահանջի մասին: Իսկ ազգային նահանջի հիմնական խոչընդոտը նորակառոյց, բայց արդէն իսկ հայերու կեանքի անբաժանելի մաս կազմած եկեղեցական համալիրն է:

Արմինէ Կարեյեան, Մոսկուա

Scroll Up