Հրթիռաձգութեան թիրախ դարձած Դամասկոսի հայ կաթողիկէ «Փարոս» վարժարանը կը փորձէ դարմանել եւ սպիացնել իր արիւնալի վէրքերը
Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած հրթիռաձգութեան դէպքին մասին, որ թիրախ դարձած էր Պապ Թումայի շրջանին մէջ գտնուող հայ կաթողիկէ «Փարոս» («Ալ Մանար») վարժարանը:
Արդարեւ, 15 ապրիլ 2014-ի, առաւօտեան ժամը 7:45-ին, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ բազմաթիւ հրասանդեր եւ հրթիռներ տեղացին մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող Պապ Թումա եւ Տուէլաա շրջանները, որոնցմէ 2-ը պայթեցաւ «Փարոս» («Ալ Մանար») վարժարանը, իսկ մէկ հրթիռ ալ այլ վարժարանը:
Ռմբակոծութեան հետեւանքով ինը ամեայ աշակերտ մը զոհուեցաւ (ոչ հայ) իսկ 60-ի մօտ աշակերտներ, դասատուներ, տնտես մայրիկներ եւ վարժարանի այլ պաշտօնեաներ վիրաւորուեցան:
Վիրաւորները անմիջապէս տեղափոխուեցան ֆրանսական հիւանդանոց եւ հինգ այլ հիւանդանոցներ, որոնցմէ 6-ին վիճակը ծանր է։
Վիրավորներու շարքին են երկու հայ աշակերտներ՝ Նարեկ Մարաշլեան ու Յակոբ Խտըրլարեան եւ երկու հայ ուսուցչուհիներ՝ Սիլվա Լիւլէճեան ու Ֆրանսուա Տէշօղլանեանը, իսկ դպրոց այցելած պահուն վիրաւորուած է նաեւ Ռուպա Արիսեանը։
Պէտք է նշել, որ թեթեւ վնասուածք ստացողները տարուեցան հիւանդանոցներ եւ անմիջական դարմանումներ տեղի ունենալով դուրս եկան հիւանդանոցներէն:
Հրթիռաձգութիւնը նիւթական ծանր վնասներ պատճառեց վարժարանին, շրջանի բնակարաններուն, տակաւին չենք նշեր անոր պատճառած վախի, սարսափի ու հոգեկան խանգարումներու մասին: Դէպքը խոր յուզում յառաջացուցած է Դամասկոսի հայկական բոլոր շրջանակներէն ներս:
Արիւնալի միջադէպէն անմիջապէս յետոյ հերթաբար հիւանդանոց այցելեցին՝ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարն ու կրթութեան նախարարը, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեանը, Դամասկոսի Հայ Առաքելական Առաջնորդ գերաշնորհ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Արհիապատիւ հայր Յովսէփ եպիսկոպոս Առնաութեան, ինչպէս նաեւ միութիւններու պատասխանատուներ՝ բոլորն ալ անձամբ հետեւեցան վիրաւորներու ապաքինման գործընթացին։
Նշենք, որ ռմբակոծուած վարժարաններու կարգին, այլ վարժարաններ եւս որոշեցին 15 օր փակել վարժարաններու դռները ապահովական եւ Ս. Զատկուան արձակուրդի առիթով:
Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալաքի իր կարգին նախարարական նիստին, դատապարտեց կատարուած արիւնալի արարքը:
Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արմէն Աշոտեանը դիմատետրի (Facebook) իր էջին վրայ գրած է. «Աններելի է կատարուածը: Կրթօճախներն ու երեխաները պէտք է չդառնան հակամարտող կողմերու թիրախ, եւ պատարազմի պատճառով ոեւէ երեխայ պէտք չէ զրկուի կեանքէ:
Ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ զոհուած երեխայի հարազատներուն, վիրաւորներուն կը ցանկամ արագ ապաքինում, իսկ Սուրիոյ ժողովրդին` խաղաղութիւն»:
«Փարոս» («Ալ Մանար») վարժարանի հրթիռաձգութեան ողբալի դէպքին առիթով Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց:
Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS-ի Facebook-եան էջը: