Իրավիճակը Քեսապի մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/Untitled15.jpg)
Սուրիական բանակի եւ եւ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումները կը շարունակուին Քեսապի մէջ, մասնաւորապէս՝ թիւ 45 դիտարանի տարածքին:
Սուրիական բանակը կը շարունակէ ռազմական գործողութիւնները՝ օդային յարձակումներ իրականացնելով զինեալներու հաւաքատեղիներուն վրայ: Բախումներուն հետեւանքով տասնեակ զինեալներ սպաննուած են:
Սուրիական բանակի գործողութիւնները վերջին քանի մը օրերուն կեդրոնացած են Սըլտըրան գագաթի ուղղութեամբ, որ ճանապարհ կը բանայ դէպի Չալմայի գագաթ, ինչպէս նաեւ դէպի Էքիզօլուքը (երկու աղբիւր) եւ Սամրա շրջանները:
Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS-ի Facebook-եան էջը: