Սուրիահայ Ընտանիքներու Բնակարաններ Յանձնուած են Կովսականի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/ognir.jpg)
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ Ապրիլ 11-ին տեղի ունեցած է բազմաբնակարան շէնքի բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ “Ապառաժ”-ը:
Բազմաբնակարան շէնքին մէջ բնակարաններ ստացած է նաեւ սուրիահայ տասը ընտանիք, որոնք այս տարիներու ընթացքին տեղափոխուած եւ վերաբնակեցուած են Կովսականի մէջ:
“Օգնիր Եղբօրդ” բարեգործական հիմնադրամը նոյնպէս իր ներդրումը ունեցած է բազմաբնակարան շէնքի կառուցման գործին մէջ` այդպիսով նպաստելով Ազատ եւ Անկախ Արցախի վերաբնակեցման քաղաքականութեան եւ զարգացման:
“Օգնիր Եղբօրդ” բարեգործական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուելով բնակարանամուտի արարողութեան՝ հանդիպած է նաեւ Կովսականի մէջ վերաբնակեցուած սուրիահայ ընտանքիներու հետ` ծանօթանալով անոնց խնդիրներուն: Հիմնադրամի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Քաշաթաղի շրջանի աշխատակազմի, “Քաշաթաղ” հիմնադրամի հետ եւ ձեռք բերած շարք մը համաձայնութիւններ` յետագայ ծրագիրներու իրագործման ուղղութեամբ:
“Օգնիր Եղբօրդ” բարեգործական հիմնադրամը շնորհաւորած է Արցախի մէջ իրենց տունը կառուցած սուրիահայ ընտանքիները եւ մաղթած բարեբեր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք յետագայ գործունէութեան մէջ:
Նշենք, որ “Օգնիր Եղբօրդ” բարեգործական հիմնադրամը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը աջակցելու հայրենիք տեղափոխուած սուրիրահայութեան եւ մէկ անգամ եւս կը յայտարարէ, որ տուեալ ծրագիրի ծիրէն ներս կատարուող աշխատանքները շարունակական են եւ սուրիահայութիւնը դեռ կրնայ ցանակագրուիլ Կովսականի մէջ վերաբնակեցուելու նպատակով: