Տեղի Ունեցաւ «Բարի Գալուստ Հայաստան» Դիւանագիտական Ընկերակցութեան Ցուցահանդէս-Վաճառքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/144.-Charity-bazaar-took-place-in-Yerevan-12.04.2014-4.jpg)
Ապրիլ 12-ին Երեւանի քաղաքապետարանի նախասրահին մէջ ԱԺ փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանի, ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի, ԱԺ պատգամաւորներու, Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան «Բարի գալուստ Հայաստան» դիւանագիտական ընկերակցութեան կազմակերպած բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքը` նուիրուած Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին:
Ցուցահանդէս-վաճառքն իր ներկայութեամբ պատուեց ՀՀ առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեանը:
Ելոյթ ունենալով ձեռնարկին բացման` «Բարի գալուստ Հայաստան» ընկերակցութեան ղեկավար Նատալեայ Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին` ցուցահանդէսի կազմակերպման օժանդակութեան համար, բոլոր մասնակիցներուն եւ աջակիցներուն եւ նշեց, որ հիմնական հասոյթը պիտի նուիրաբերուի Երեւանի թիւ 130 եւ 71 մանկապարտէզներու վերանորոգման, իսկ հասոյթի մէկ մասը` քեսապահայերուն:
Բացման արարողութենէն ետք առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեան, ԱԺ փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան, ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան եւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան շրջեցան տաղաւարներով, ծանօթացան ներկայացուած տեսականիին, վարպետներու աշխատանքներուն, համտեսեցին տարբեր երկիրներու ազգային կերակրատեսակները:
Ցուցահանդէս-վաճառքի հինգ տասնեակէ աւելի մասնակիցներու մէջ էին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած քսան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն, ինչպէս նաեւ շարք մը հայ արտադրողներ եւ արուեստի վարպետներ:
Ձեռնարկը ունեցաւ շուրջ չորս հազար այցելու:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: