Ծաղկազարդը Նշուեցաւ Ջաւախքի Եկեղեցիներուն Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Բաբգէն վրդ Սալբիյեանի` Ջաւախքի բոլոր գործող եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ծաղկազարդի Սուրբ եւ Անմահ պատարագ:

Տ. Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի ձեռամբ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած  Պատարագի  աւարտին կատարուեցաւ Մանուկներու օրհնութեան կարգ եւ օրհնուեցան ուռենիի ոստերը, որոնք բաժնուեցան ժողովուրդին:

Ջաւախքի հաւատաւոր ժողովուրդի հոսքը դէպի եկեղեցի չէր դադրեր: Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ  կամարներու ներքոյ կ’իշխէր հոգեւոր սէր եւ ջերմութիւն: Եկեղեցին լեցուն էր մանուկներով եւ հաւատացեալներով:

Հոգեւոր առաջնորդն իր խօսքին մէջ մանուկներուն երջանկութիւն, սէր, խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն մաղթեց:

Ծաղկազարդի ոստերը քրիստոնեաները կը պահպանեն ամբողջ տարի` մինչ միւս Ծաղկազարդ: Ս. Զատիկին նախորդող կիրակի օրը Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ծաղկազարդը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ծաղկազարդը հռչակած է որպէս մանուկներու օրհնութեան օր:

Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւան

Scroll Up