Մոսկուայի Մէջ Ստորագրուած Է Նոր Փաստաթուղթ, Որմով Պիտի Լուծուին Հայ Փախստականներու Կեցութեան Խնդիրները
Աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան հանդիպած է ՌԴ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիկոլայ Պատրուշեւի հետ: ԱԽ քարտուղարներու առանձնազրոյցէն ետք երկու երկիրներու գաղթականութեան ծառայութիւններու ղեկավարները զեկուցած են Ա.Բաղդասարեանին եւ Ն.Պատրուշեւին իրենց միջեւ տեղի ունեցած քննարկումներու արդիւնքով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն մասին:
Հանդիպման արդիւնքներով ստորագրուած է փաստաթուղթ երկու երկիրներու
գաղթականութեան ծառայութիւններու միջեւ, որmով պիտի կանոնակարգուին ՌԴ մէջ գտնուող հայ գաղթականներու կեցութեան եւ աշխատանքային գործունէութեան հետ կապուած խնդիրները: Մշակուած է նաեւ համատեղ գործողութիւններու ճանապարհային քարտէզ:
Արթուր Բաղդասարեան շնորհակալութիւն յայտնած է իր ռուս գործընկերոջ աջակցութեան եւ խնդիրի կարգաւորման համար:
Որոշում կայացուած է շարունակելու ՌԴ եւ ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդներու աշխատակազմերու համակարգմամբ ձեւաւորուած միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը` առկայ եւ յառաջացող խնդիրներու կանոնակարգման ուղղութեամբ:
Հանդիպման մասնակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիին մէջ առկայ իրավիճակին, միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցերու շուրջ: Քննարկուած է Ն.Պատրուշեւի 2013թ. յունիսին Հայաստան կատարած այցի արդիւնքներով ստորագրուած արձանագրութեան կէտերու կատարման ընթացքը: Կայացած քննարկման ընթացքին առանձնակի ուշադրութիւն դարձուած է հայ-ռուսական համագործակցութեան ռազմատեխնիկական, խաղաղ նպատակներով տիեզերքի հետազօտման եւ օգտագործման, հայ-ռուսական մարդասիրական եւ պետական պահեստներու համատեղ կեդրոններու ստեղծման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է տնտեսութեան շարք մը ճիւղերու մէջ ռազմավարական ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած է երկկողմ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ստորագրուած են.
– ՀՀ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի եւ ՌԴ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիկոլայ Պատրուշեւի հանդիպման արդիւնքներով արձանագրութիւնը,
– ՀՀ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի եւ ՌԴ Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի միջեւ 2014-2015թթ. համագործակցութեան ծրագիրը,
– ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ գաղթականութեան ոլորտին մէջ յետագայ համագործակցութեան զարգացման մտադրութիւններու վերաբերեալ յուշագիրը:
Այս մասին կը յայտնեն Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի մամլոյ ծառայութենէն։