«Տերսինի Մէջ Կ’ապրին Մարդիկ, Որոնք Իրենց Երազներուն Մէջ Կ’ապրեցնեն Երեւանը…». Միհրան Փրկիչ

Միհրան Փրկիչ… Տերսիմի մէջ ծնած մարդու անուն-ազգանունը հայկական ինքնութեան առաջին «Վկայութիւնն է», երբ մկրտուեցաւ ու որոշեց վերագտնել ինքն իրեն:

Միհրանը` իր հայ վարպետի, իսկ Փրկիչը իրենց գիւղի անունն է: Յետագային  պարզած է միայն, թէ ինչ կը նշանակէ: Կ’ըսէ` ուրեմն պատահական չէր…

Պատահական չէ նաեւ անոր այցը Հայաստան. «4 տարի առաջ սկսանք  աշխատանք մը, որ շարունակելու համար Երեւան եկած եմ: Այստեղ եմ նաեւ, որպէսզի հայերէն սորվիմ:

Հանդիպեցայ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ: Պատմեցի տերսիմահայութեան խնդիրներէն, խօսեցայ մեր ծրագիրներու մասին: Նախարարն առաջարկեց մասնակցիլ նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող յառաջիկայ ծրագիրներուն»,- կը պատմէ Միհրան Փրկիչը:

Հայաստան այցի նպատակը նաեւ Տերսիմի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելն է.

«Կը ցանկանք գրասենեակ մը հիմնել, որպէսզի տերսիմցի երիտասարդները կարենան Հայաստան այցելել, ծանօթանան  պատմամշակութային վայրերուն: Եթէ յարմար ըլլայ, ապա այստեղ անոնց համար նաեւ հայոց լեզուի դասընթացներ կը կազմակերպենք կամ այստեղէն դասախօս կը տանինք եւ դասընթացները Տերսիմի մէջ կ’իրականացնենք:

Ցանկացողներ շատ կան: Տերսիմ կ’ապրին մարդիկ, որոնք իրենց երազներուն մէջ կ’ապրեցնեն Երեւանը,- յառաջիկայ ծրագիրներու մասին կը պատմէ Միհրան Փրկիչը ու կը շարունակէ արդէն իր պատմութիւնը:- Դեռ փոքր տարիքէս գիտէի, որ մենք հայ ենք, սակայն բացայայտ չէինք խօսիր այդ մասին եւ չէինք ապրիր որպէս հայեր:

Բայց այդ ամէնը երկար ժամանակ թաքցնել հնարաւոր չէր: Կ’ապրէինք «թաքնուելով» ու «թաքցնելով», սակայն երբ Հայոց ցեղասպանութեան գիտակցութիւնը արթնցաւ, եւ յատկապէս Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք  մտածեցինք, որ մեր արմատներուն վերադառնալն արդէն անխուսափելի է: Քաջութեամբ ատիկա ի յայտ բերինք եւ այդպէս ալ պիտի շարունակենք»:

Արդէն 5-րդ անգամն է Հայաստան կու գայ: Իսկ առաջին այցելութիւնը չի մոռնար երբեք. «Առաջին անգամ երբ եկայ, տարիներ ի վեր ճնշուած զգացումներս ի յայտ եկան. ամէն մէկ հայու, որուն կը տեսնէի, կ’ընդունէի որպէս ինձմէ մէկը: Երբ առաջին անգամ տեսայ Երեւանի հրաշալի շէնքները, կառոյցները, գեղեցիկ փողոցները, շատ ազդուած էի: Հիմա այդ ամէնը ինծի համար շատ հարազատ է ու շատ սիրելի:

Ու ամէն անգամ երբ Հայաստան անունը կը  լսեմ, կը յիշեմ նախ եւ առաջ Ցեղասպանութիւնը: Կը յիշեմ Ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհի չորս կողմերը սփռուած մարդոց, որոնք  երկիր մը ունին, եւ ապահովութիւն, հանգստութիւն կրնան զգալ միմիայն այդ երկրին մէջ: Այդ պատճառով շատ կը սիրեմ Հայաստանը: Հայաստանի գոյութիւնը մեզի թեւեր կու տայ, ու այսօր արդէն ոչ մէկ խնդրի մասին այլեւս չենք մտածեր: Եթէ անգամ որեւէ խնդիր յառաջանայ, պէտք չէ կարեւորութիւն տալ: Արդէն հրամայական  դարձած է, որ մենք պէտք է վերադառնանք մեր ինքնութեան: Զիս այլեւս ոչինչ չի հետաքրքրեր: Ինչ ալ որ ըլլայ, ես պէտք է ընեմ այն, ինչ կ’ուզեմ»:

Իսկ ի՞նչ կ’ուզենք, ո՞րն է ընելիքը… Թերեւս այս հարցի շուրջ համակարծիք են Երեւանի, Տերսիմի, Ամերիկայի  եւ այլուր ապրող, հայերէն խօսող եւ հայերէն չիմացող մարդիկ. «Գիտէք, Արեւմտեան Հայաստանի կարօտը բոլորը կը զգան: Թէեւ այսօր մարդիկ այստեղ կ’ապրին, բայց իրենց պապերուն ծնած հողերուն մօտ է իրենց միտքը: Սա  բաց վէրք մըն է մեզի համար: Քանի դեռ այս խնդիրը մարդկային ձեւով չէ լուծուած, Ցեղասպանութիւն իրագործողները քանի դեռ մեզմէ ներողութիւն չեն խնդրած, մենք մեր պայքարը պիտի շարունակենք: Ես կը հաւատամ, որ այս կերպ մտածող հարիւրաւոր, հազարաւոր հայեր դեռ կան Թուրքիոյ մէջ, եւ մենք այդ խնդիրը պիտի լուծենք:

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մարդուն իր արմատներուն կապողը հողն է: Անգամ եթէ մենք ինչ-որ պակասութիւն զգանք, մենք մեր հողերուն վրայ ենք, հողի կարօտը չենք զգար: Սակայն այստեղ ամէն մարդ հողի կարօտ ունի: Քանի դեռ «այստեղը» եւ «այնտեղը» չենք միացուցած, փոխադարձաբար այս ցաւով պիտի ապրինք»:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up