ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Երեւան Քաղաքի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ Ներկայ Գտնուեցաւ Օլկա Յակոբեանի Ուլունքագործ Զարդերու Ցուցահանդէսի Փակման Արարողութեան

Ապրիլ 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՀՀ ժողովրդական վարպետ, վրացահայ Օլկա Յակոբեանի «Գարնանային հաւաքածու» խորագիրով ուլունքագործ զարդերու ցուցահանդէսի փակման արարողութեան:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Օլկա Յակոբեանի ուղեկցութեամբ շրջեցաւ թանգարանին մէջ, ծանօթացաւ ցուցադրուած աշխատանքներուն եւ իր հիացմունքը յայտնեց իւրաքանչիւր գործի մէջ նման բծախնդրութեան ու մանրակրկիտ մօտեցման համար: Այդ ուլունքագործական աշխատանքները արուեստագէտի շուրջ 15 տարիներու ստեղծագործական ճանապարհի արդիւնք են:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս աշխատանքներուն անզէն աչքով ալ կ’երեւի սէր, նուիրում: Ատոնք արուեստագէտի ստեղծող, արարող տեսակի վկայութիւնն են, իսկական քարերու ներդաշնակութիւն:

Scroll Up