Յաղթեցին Ու Նուիրեցին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/unnamed-3.jpg)
Մարտ 28-ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան հետ համատեղ իրականացուող «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2013 թուականի մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման եւ վկայականներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
2013թ մրցոյթին մասնակցած են 158 հայկական կազմակերպութիւն եւ անհատ շուրջ 10 երկրէ: Մրցանակաբաշխութիւնը կ’իրականացուի արդէն 5-րդ տարին եւ մասնակիցներու թիւն ու երկիրներու աշխարհագրութիւնը տարիէ տարի կ’ընդլայնուին:
Այս տարի մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս մրցոյթները իրականացուած են «Մայրենիի պաշտպան», «Երիտասարդական /ուսանողական կազմակերպութիւն», «Լաւագոյն մանկական ստեղծագործութիւն»` «Հայրենիք, քեզ այսպիսին եմ տեսնում» եւ «Մայր իմ անուշ ու անգին», «ԱՊՀ երկիրներու լաւագոյն հայկական համայնք» անուանակարգերուն:
Մասնակիցները արժանացան գլխաւոր, 1-ին, 2-րդ, 3-րդ կարգի եւ խրախուսական մրցանակներու: Մրցանակակիրներէն մի քանի հոգի իրենց դրամական պարգեւները փոխանցած են բարեգործական նպատակներով : «Լաւագոյն հայկական համայնք» անուանակարգին մէջ գլխաւոր մրցանակի արժանացաւ Ս. Փեթերսպուրկի «Հայկական ազգամշակութային ինքնավարութիւն» կազմակերպութիւնը : Դրամական մրցանակը (500.000 ՀՀ դրամ) փոխանցուեցաւ սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամին : Նոյն անուանակարգին մէջ 2-րդ կարգի մրցանակիրը` Քիեւի հայկական համայնքը, իր դրամական պարգեւը (300.000 ՀՀ դրամ) փոխանցեց Ուքրանիոյ քաղաքացի, ազգութեամբ հայ Սերգէյ Նիգոյեանի ընտանիքին (ան 2014թ յունուար 22-ին զոհուեցաւ դիպուկահարի գնդակէն): ՌԴ Տիւմէն քաղաքէն «Մայր իմ անուշ ու անգին» անուանակարգով շարադրութիւններու մրցոյթի 2-րդ կարգի մրցանակակիր Արփինէ Բաբալարեան իր դրամական պարգեւը (100.000 ՀՀ դրամ) պիտի փոխանցէ Խնձորեսկի միջնակարգ դպրոցին: «Մայրենիի պաշտպան» անուանակարգին մրցոյթի 1-ին կարգի մրցանակակիր Սուետլանա Տօնապետեան իր դրամական մրցանակը (250.000 ՀՀ դրամ) պիտի փոխանցէ «Ղարաբաղից բռնագաղթուած եւ զոհուած ազատամարտիկների ընտանիքներին աջակցութիւն» ՀԿ-ին:
Բազմաթիւ այլ մրցանակակիրներ եւս ցանկութիւն յայտնած են մրցանակաբաշխութենէն ստացած դրամական մրցանակները փոխանցել բարեգործական նպատակներով: