Քեսապի Բոլոր Տուները Թալանուած Են, 22 Հայ Առեւանգուած Է, Հայաստանը Դատապարտելով Պէտք Չէ Բաւարարուի. Սուրիահայ

Այսօրուան դրութեամբ Սուրիոյ Քեսապ աւանէն 22 առեւանգուած հայեր կան, որոնք տարուած էին Թուրքիոյ սահմանին կից նորակառոյց բանտ, իսկ տասնըմէկի ճակատագիրը անյայտ է, բոլորն ալ տարիքով մեծահասակներ են, այս մասին այսօր` լրագրողներու հետ հանդիպման ըսաւ ՍԴՀԿ Հայաստանի կառոյցի փոխատենապետ, սուրիահայ Վազգէն Մեսրոպեան:

Մեսրոպեանի խօսքով` այսօր գիտցած են, որ անոնցմէ երեքը, որոնք շատ ծեր են, ազատ արձակած են, եւ մինչեւ կէսօր անոնք  Լաթաքիա կ’ըլլան: Մնացածի ճակատագիրը դեռ անորոշ է, ոչ մէկ տեղեկութիւն չկայ:
«Մարդիկ, որոնք հապճեպ տուներէն փախած են, թողած են իրենց բջջային հեռախօսները: Ահաբեկիչները վերցնելով հեռախօսները եղած համարներով կը զանգեն անոնց հարազատներուն ու կը սպառնան: Քեսապի բոլոր տուները թալանուած են, եւ այդ տուներուն մէջ եղած իրերը արդէն կը ծախուին Թուրքիոյ մէջ»,- ըսած է Վազգէն Մեսրոպեան:

Մեսրոպեան վստահեցուցած է նաեւ, որ մինչեւ այս պահը Քեսապի մէջ հայ զոհեր չկան. Ահաբեկիչները SMS–հաղորդագրութեան միջոցով յայտարարած են, թէ կան երկու վիրաւոր: «Կը կրկնեմ` ատիկա ահաբեկիչներու հաղորդածն է»,- շեշտեած է Վազգէն Մեսրոպեան:

Վերջինս ըսած է նաեւ, թէ քիչ  մարդիկ մնացած են Լաթաքիոյ Աստուածածին
եկեղեցւոյ մէջ. հիմնական մասը տեղափոխուած է Լաթաքիա ապրող իրենց բարեկամներու տուները:

Սուրիահայ բանախօսը տեղեկացուցած է, որ մէկ շաբաթ է` որ Հալէպը ոչ համացանցայի՛ն, ո՛չ ալ հեռախօսային կապ չունի:

«Մենք պէտք չէ մոռնանք նաեւ Հալէպը: Ճիշդ է, Քեսապը մեզի համար շատ հարազատ վայր է, բայց Հալէպն ալ  ծայրայեղ վիճակի մէջ է: Լրատուամիջոցներուն կը խնդրեմ ու կը յորդորեմ Հալէպին եւս չմոռնալ»,-նշեց ՍԴՀԿ փոխատենապետը` աւելցնելով, թէ ինքը շատ այլ նորութիւններ ալ ունի, բայց ատոնց մասին այսօր յայտարարել չի կրնար` անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով:

«Այս յեղափոխութիւն չէ, սա կարգի փոփոխութեան պահանջ չէ, սա ահաբեկչութիւն է, եւ աշխարհը, ինչպէս միշտ, դիտորդի կարգավիճակի մէջ է այս հարցին»,- իր վրդովումունքը արտայայտած է Վազգէն Մեսրոպեան:

Անդրադառնալով Սուրիա մեկնած հայ պատգամաւորներու խումբին, Վազգէն Մեսրոպեան ըսած է, թէ այդքանով պէտք չէ բաւարարուիլ: Ան կոչ-պահանջով դիմած է Հայաստանի կառավարութեան ու յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութեան, որ վերջիններս միայն եղածը դատապարտելով չբաւարարուին:

«Անոնք պէտք է միջազգային կառոյցներու առջեւ բողոքով հանդէս գան` ցեղասպան Թուրքիոյ դէմ»,– ըսած է ան` աւելցնելով, թէ ճիշդ չի համարեր  խումբ մը հայ երիտասարդներու կոչերը, թէ իրենք պատրաստ են ինքնապաշտպանական ջոկատներ ստեղծել եւ մեկնիլ Լաթաքիա ու Քեսապ: Ըստ Վազգէն Մեսրոպեանի` անոնք այդպիսով կը վիրաւորեն սուրիահայութեան:

«Քեսապահայերն այս պահուն միայն կացարանի խնդիր ու կարիք ունին: Մնացած բոլոր հարցերը կը հոգան շտապօգնութիւնը եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը»,- տեղեկացուցած է բանախօսը:

Վազգէն Մեսրոպեան նաեւ ըսած է, որ այս պահուն ահաբեկիչները կը գտնուին
հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ իջեցուցած են եկեղեցւոյ թէ՛ դուրսի, թէ՛ ներսի խաչերը:

www.tert.am

Scroll Up