Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ’առաջարկէ ՄԱԿ-ին Ապազինել Քեսապի Շրջանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/231.jpg)
Հինգշաբթի 27 Մարտ 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հեռաձայնեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր` քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանը:
Ան Վեհափառին յայտնեց, որ ՄԱԿ մտահոգ է Քեսապէն ներս ստեղծուած ապահովական կացութեամբ, աւելցնելով, որ ինք այս ուղղութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ տագնապին գծով, ՄԱԿ-ի եւ արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտա0ր Իպրահիմիի հետ ինչպէս նաեւ տեսակցած է ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպաններուն հետ:
Վեհափառ Հայրապետը պարզելէ ետք Ֆելթմանին Քեսապէն ներս տիրող կացութիւնը, այդ գծով շեշտեց թրքական գործօնին կարեւորութիւնը: Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց, որ ՄԱԿի կողմէ քննուին Քեսապի շրջանը ապազինելու կարելիութիւնները: Ֆելթմանը շինիչ գտաւ Վեհափառ Հայրապետին առաջարկը եւ խոստացաւ այս ուղղութեամբ Լախտար Իպրահիմիի հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները ունենալ: