ՀԲԸ Միութիւնը Կրթաթոշակներ Պիտի Տրամադրէ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանի Գիտաշխատողներուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/image003-300x225.jpg)
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի եւ ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համատեղ իրականացուող 2014թ. ասպիրանտական կրթութեան ծրագիրի ծիրէն ներս կրթաթոշակներ պիտի տրամադրէ Մատենադարանի թիւով ութ երիտասարդ գիտաշխատողներու:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 2014 թ.-ի մարտ 26-ին, ժամը 12:00-ին, «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի նիստերու փոքր դահլիճին մէջ:
ՀԲԸՄ Հայաստանի ներկայացուցչութիւն