Թիֆլիսեան «Կրան Փրի»-էն Ետք` Սամսունեան «Կրան Փրի»
Հայաստանի 6 ճիւտոյիստներ պիտի մասնակցին մարտ 28-ին Թուրքիոյ Սամսուն քաղաքին մէջ մեկնարկող ճիւտոյի Մեծ մրցանակի կարգի միջազգային մրցաշարին, մինչ այդ անոնք արդէն ելոյթ ունեցած են Թիֆլիսի մէջ կայացած նոյն կարգի մրցաշարին:
Ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը, Հայաստանի մարզիկները արդէն կը գտնուին Վրաստանի Գորի քաղաքին մէջ, ուր ուսումնամարզական հաւաք կ’իրականացնեն եւ այնտեղէն արդէն կը մեկնին Սամսուն:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին ըսած է Հայաստանի ճիւտոյի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Բաբայեան, մեր երկրի ճիւտոյիստները, մասնակցելով Մեծ մրցանակի կարգի մրցումներու, միաժամանակ կը նախապատրաստուին ապրիլին Ֆրանսայի Մոնպելյէ քաղաքին մէջ կայանալիք ճիւտոյի Եւրոպայի առաջնութեան:
Մեկնաբանելով թիֆլիսեան մրցաշարին հայ ճիւտոյիստներու անյաջողութիւնը, Բաբայեան շեշտած Է,որ ատոր պատճառը աւելի շատ հոգեբանական բնոյթ կը կրէ:
«Հայաստանի ձիւդոիստները միշտ ակտիւ անցկացնում են ուսումնամարզական հաւաքները, եւ այստեղ ֆիզիկական առումով որեւէ խնդիր չկայ, այլ հարց Է, որ մեր մարզիկները չունեն անհրաժեշտ մարզական պրակտիկա, ինչը նրանց թոյլ չի տալիս իրենց ուժերը լիովին բացայայտել»,-ըսած է Բաբայեան:
Խօսելով Եւրոպայի առաջնութեան մասին, ան նշած է, որ այս մրցաշարին առայժմ կը նախատեսուի 4-5 հայ ճիւտոյիստի մասնակցութիւնը:
http://armenpress.am/