Տիգրան Սարգսեան Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպած Է Եւրոխորհրդարանի Եւ Եւրոյանձնաժողովի Ներկայացուցիչներուն

ՀՀ վարչապետ, ՀՀԿ փոխնախագահ Տիգրան Սարգսեան կը գտնուի Պելճիգայի թագաւորութեան մայրաքաղաք Պրիւքսէլ, ուր պիտի մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթնաժողովին: «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» ՀԿ գրասենեակին մէջ այսօր Տիգրան Սարգսեան հանդիպում  ունեցած է եւրոպական խորհրդարանի  շարք մը պատգամաւորներու, Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին գործերու գրասենեակի, եւրոպական այլ կառոյցներու եւ միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: ՀՀ վարչապետը պատասխանած է ներկաներուն հետաքրքրող հարցերուն: Հայաստանի հանրապետութիւն-եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարի ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետը եւս մէկ անգամ վերահաստատած է ՀՀ իշխանութիւններու քաղաքական դիրքորոշումը, ըստ որուն ՀՀ-ն իր արտաքին յարաբերութիւններու սկզբունքին ամրագրած է յարաբերութիւններու հաւասարակշռուած բարելաւում բոլոր գործընկերներու հետ` ոչ ի հաշիւ մէկը միւսին: Տիգրան Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշած է որ, «կամ-կամ-ի սկզբունքը Հայաստանի համար անընդունելի է, եւ առաւել ընդունելի մօտեցումն է` յարաբերութիւնները կառուցել փոխլրացման սկզբունքով»:

Օրուան երկրորդ կէսին ՀՀ վարչապետ, ՀՀԿ փոխնախագահ Տիգրան Սարգսեան կը մասնակցի ԵԺԿ գագաթնաժողովին:

Scroll Up