Արժանթինահայ Երգահան Եւ Խմբավար Ժան Ալմուխեան Պարգեւատրուած Է «Մովսէս Խորենացի» Մետալով

Մարտ 18-ին Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանիի ներքոյ եւ կազմակերպութեամբ` Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմի ազգային վարչութեան Պուէնոս Այրէսի Հայ կեդրոնի «Սիրանոյշ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արժանթինահայ յայտնի երգահան եւ խմբավար Ժան Ալմուխեանի մեծարման երեկոն:

Ձեռնարկին ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Մելիքեանը եւ Հայ կեդրոնի վարչութեան անդամ Վարդիվար Մանուկեանը: Երգահանի հեղինակած երգերու կատարումով հանդէս եկան Դանիէլ Տերէն, Մարալ Թորիկեանը եւ Արտօ Գալճեանը, ցուցադրուեցան  շարք մը հատուածներ մայեսթրոյի ղեկավարած երգչախումբերու համերգներէն:

Իր ելոյթին մէջ դեսպան Մելիքեան, բարձր գնահատելով մայեսթրոյի անցած ստեղծագործական երկար ուղին, ընդգծեց, որ այն եւս մէկ ապացոյց է հայ ժողովուրդի անկոտրում կամքի, նուիրուածութեան ու ջանադիր աշխատանքի, ապրելու եւ արարելու մեծ ձգտումներու: Այնուհետեւ, ՀՀ դեսպանը ընթերցեց ՀՀ անկախութեան 22-րդ ամեակին առիթով Ժան Ալմուխեանին «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրելու մասին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրը եւ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ մայեսթրոյին յանձնեց բարձր պարգեւը: Խորին շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ նախագահին նման գնահատականի արժանանալու համար` Ժան Ալմուխեան նշեց, որ այսուհետ եւս յանձնառու է շարունակել իր հայրենանուէր ծառայութիւնը հայ արուեստի զարգացման եւ տարածման գործին մէջ:

Ձեռնարկին երկրորդ մասին տեղի ունեցաւ Գառլոս Հասասեանի «Ժան Ալմուխեան. երաժշտութենէ անդին» գիրքի շնորհանդէսը:

Scroll Up