Պատանի Շախմատիստ Արա Մարտիրոսեան` Չեխիոյ Առաջնութեան Յաղթող
Ճատրակի Չեխիոյ պատանեկան առաջնութեան եզրափակիչ մրցաշարին մինչեւ 12 տարեկան տղաներու յաղթողի կոչումը նուաճած է Երեւանի մէջ ծնած, այժմ Չեխիա բնակող 11-ամեայ Արա Մարտիրոսեանը: Արան տարաւ 4 յաղթանակ, 5 խաղ աւարտեց ոչ-մէկուն չի կրեց ոչ մէկ պարտութիւն: 9 հնարաւորէ վաստակելով 6.5 միաւոր` ան մրցաշարը աւարտեց փայլուն յաղթանակով ու արժանացաւ ոսկէ մետալի:
Արա Մարտիրոսեան նախորդ երկու տարիներուն անընդմէջ երկրորդ տեղը կը գրաւէր նոյն մրցաշարի մինչեւ 10 տարեկաններու խումբին: Այժմ հայ շախմատիստը հնարաւորութիւն ունի մասնակցելու Եւրոպայի եւ աշխարհի առաջնութիւններուն: Ան պիտի ներկայացնէ Չեխիան:
NEWS.am Sport