«Հայորդաց Տան» Բեմին վրայ Մշոյ Առաքելոց Վանքն Էր Եւ Անդրանիկը՝ իր Քաջերով

— Անդրանիկ, ինչու՞ չսեղմեցիր քեզի պարզած ձեռքս:

—Ես իմ ձեռքս չեմ պարզեր անոր, որուն ձեռքերը հայու արեամբ  ներկուած են,- արհամարելով «թուրքի»ն պարզած ձեռքը, ըսաւ Զօրավար Անդրանիկի դերակատարը:

Երկխօսութիւնը Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 149-ամեակին նուիրուած ձեռնարկէն է, որ կայացաւ Մոսկուայի «Հայորդաց տան» մէջ` Հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Աննա Թումանեանի բեմադրմամբ եւ իր դասղեկական` 18 տարեկանէն բարձր I դասարանի սաներու մասնակցութեամբ:

Աննա Թումանեան Զօրավարի կեանքը ներկայացնելուն չէր շրջանցած անոր մանկութենէն  դրուագ մը եւս, ուր,  դասի ընթացքին, Վռամշապուհ քահանան կը նկարագրէր հայրենիքի անմխիթար վիճակը, իսկ Անդրանիկը տեղէն վեր  թռչելով կը բացականչէ.

—Կ’երդուիմ, հայրենի՛ք, քու զինուորը պիտի ըլլամ:

Ու հէնց Անդրանիկի երդման եւ անցած ուղիէն  հատուածի մը  կ’անդրադառնար  «Յաղթանակ` դրոշմուած յաւերժի խորհուրդով» խորագիրով ձեռնարկը, ուր առանցքային գործողութիւնները կը կատարուէին Մշոյ Առաքելոց վանքին մէջ: Այնտեղ  պատսպարուած էր Անդրանիկն իր քաջերով եւ պայքարի դուրս գալով թշնամիին դէմ`  կը փորձէր բարձր պահել հայու հայրենասէր ու մարտնչող ոգին` միաժամանակ փրկութեան յոյս դառնալով վանքին մէջ գտնուող որբերուն, Մեծ Մայրիկին եւ իրենց միացած հայդուկներու ընտանիքներուն համար:

«Առաքելոց վանքի կռիւի նկարագրութիւնը պատահական չէր, քանի որ հէնց այդ կռիւով օսմանեան կառավարութիւնը տեսաւ, որ հայը չ’ընկճուիր եւ պատրաստ է կռուելու մինչեւ վերջ: Իսկ թուրքը, տեսնելով, որ անզօր է գրաւելու վանքը, գնաց բանակցութիւններու, սակայն կատարեց Անդրանիկի ու հայդուկներու ներկայացուցած պահանջներէն միայն մէկը` ազատ արձակելով 31 հայ բանտարկեալներ: Հետաքրքրականը այն է, որ սաներս շատ տպաւորուած էին մեր պատմութեան այդ դրուագով եւ իրենք ցանկացան ներկայացնել Առաքելոց վանքի կռիւը»,- մեզի հետ զրոյցին ըսաւ Աննա Թումանեան:

Երիտասարդներէն իւրաքանչիւրը բեմին վրայ ըսես վերապրեցաւ Անդրանիկի եւ անոր քաջերու սխրանքները, տոգորուեցաւ անոնց հայրենասիրութեամբ եւ գուցէ լուռ երդուեցաւ`« հայրենի՛ք, քու զինուորը պիտի ըլլամ »: Անոնք այդ պահին զգացին եւ դահլիճին փոխանցեցին այն նուիրումը, որ հայ պատանիին, երիտասարդին, ծերունիին ստիպեց կրել հայդուկ, ֆիտայի կոչումը, դառնալ հայրենիքի իսկական պաշտպան եւ ապացուցել, որ պայքարող ոգին վեր է հանգամանքներէ, խոչընդոտներէ եւ առաջ է հնարաւորութիւններէ: Իսկ երբ թիկունքին ընտանիքը կամ նախնիներու գերեզմաններն են, ապա աւելորդ են նահանջի մասին խօսակցութիւնները:

«Նման ձեռնարկներէ ետք մեր հայրենասիրութիւնը կը կրկնապատկուի, եռապատկուի: Այսօր մենք Անդրանիկին իր քաջերով տեսանք այս բեմին վրայ եւ զգացինք մեր հայդուկներու քաջութիւնը, հաւատքը, ոգին: Եւ վերահամոզուեցանք, որ հայը քարի տակ ալ ըլլայ` պիտի ապրի, որովհետեւ հայ ժողովուրդին տրուած է ուրիշ ոգի, ուրիշ կամք, որ ապրեցնէ մեր սերունդները ամէն ինչէ աւելի,-  դիմելով ներկաներուն, ըսաւ «Հայորդաց տան» հոգեւոր տեսուչ Տ. Առաքէլ քահանայ Ամիրեան:

Ձեռնարկին  կ’ուղեկցէր հայրենասիրական երգն ու պարը, ուր սաները պարզապէս փայլեցան իրենց կատարողական արուեստով եւ հայրենասիրական ոգիով: Երաժշտական ձեւաւորման հեղինակը կրթօճախի երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Լենա Բեգլարեանն էր, պարերը բեմադրած էր Անի Մարտիրոսեանը, իսկ նկարչական ձեւաւորումը Հրաչուհի Մարտիրոսեանինն էր:

«Յաղթանակ` դրոշմուած յաւերժի խորհուրդով» խորագիրով ձեռնարկին ուղեկցուեցաւ «Հայդուկներու» կատարմամբ «Եարխուշտա» ռազմապարով եւ աւարտեց յաղթական բերդով ու քոչարիով, որ հայդուկներուն համար դարձած էր ապրելու ուղի եւ ապրեցնող կենսակերպ:

Արմինէ Կարեյեան, Մոսկուա

Scroll Up