Դամասկոս. Հայկական Վարժարաններն Ու Եկեղեցիները Կը Շարունակեն Իրենց Բնականոն Ընթացքը
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ վերջին երկու շաբաթներուն ակներեւ են Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ կատարուող հաշտութեան գործողութիւններու արդիւնքները, ինչ որ առիթ կու տայ, որ աւելի նուազ յարձակումներ եւ հրթիռարձակումներ տեղի ունենան քաղաքի զանազան թաղամասերուն վրայ: Ասիկա չի խանգարեր սակայն անակնկալ հրթիռներու հարուածները Քասայի կամ այլ թաղամասերու վրայ:
Հաշտութեան նախաձեռնութիւնները կը կատարեն երկու կողմերու ներկայացուցիչներ: Ասոր կ՛աւելնայ կարգ մը շրջաններու շրջափակումը վերացնելու գործողութիւններ: Բացի մէկ պարագայ է, պաղեստինեան Եարմուք գաղթակայանէն, որ տակաւին կը տարուբերի հակառակ մարդասիրական օգնութեան մուտքին:
Քաղաքին կեդրոնը կեանքը բնական ձեւով կ՛ընթանայ: Հայկական վարժարանները եւ եկեղեցիները կը շարունակեն իրենց բնական ընթացքը: Նոյնիսկ միութենական կեանքը փոքր աշխուժութիւն կ՛ապրի:
aztagdaily.com