Ջաւախքի Ճամբարին Մասնակցելու Դիմումներուն Ժամկէտը՝ Մարտ 15

Արեւելեան Ամերիկայի ՀԵԴի նախաձեռնութեամբ կայանալիք Ջաւախքի ճամբարին՝ իբրեւ խորհրդական մասնակցիլ փափաքողներու դիմումներուն ժամկէտը Մարտ 15ն է: Ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 10էն 26, եւ անոր մասնակիցները առիթ պիտի ունենան իւրայատուկ կապեր հաստատելու Ջաւախքի հայութեան հետ: Մանրամասնութեանց համար, դիմել campjavakhk@ayf.org հասցէին:
asbarez.com