Չարենցասէրները Իրարու Շնորհաւելու Առիթ Ունին. Բանաստեղծի Ծննդեան 117-ամեակն Է

Հայ գրականութեան մէջ իր ուրոյն հետքը ձգած բանաստեղծ, արձակագիր եղիշէ Չարենցի ծննդեան 117-ամեակը Երեւանի մէջ պիտի նշուի անոր նուիրուած գրական-գեղարուեստական ձեռնարկներու շարքով:

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` մարտ 13-ին Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ կը բացուի «Կոմիտաս եւ Չարենց» խորագիրով ցուցահանդէս. առաջին անգամ կը ցուցադրուին Կոմիտասի թաշկինակը (1913թ.) եւ այլ մասունքներ: Ցուցահանդէսը կ’ուղեկցուի համերգով, կը հնչեն Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: Մարտ 13-ին կը կայանայ նաեւ Չարենցի «Երկիր Նայիրի» վէպի իտալերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:

Հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցը (իսկական անունը Եղիշէ Աբրահամի Սողոմոնեան), ծնած է 1897թ. մարտ 25-ին Կարս քաղաքին մէջ` բազմազաւակ հայ ընտանիքի մը մէջ: 1908թ. Չարենց ընդունուած է Կարսի վարժարան, ուր դպրոցական «Գարուն» օրացոյցին մէջ հրատարակուած են անոր բանաստեղծութիւնները: Ստանալով հնգամեայ կրթութիւն` արդէն ձեւաւորուող բանաստեղծը իր գիտելիքները հարստացուցած է անդադար կարդալու միջոցով:1914թ. Կարսի մէջ լոյս  տեսած է գրողի «Չարենց» գրական կեղծանունով «Տխուր ու գունատ աղջկայ 3 երգերը…» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: Չարենցը թարգմանած է Կէօթէի, Հայնէի, Հիւկոյի, Ուիթմէնի, Վերհառնի, Ռիլկէի, Պուշկինի, Նեկրասովի, Լերմոնտովի, Գորկու, Մայակովսկու, Եսէնինի եւ ուրիշներու գործերէն, հանրակրթական դպրոցներու համար կազմած է դասագիրքեր, խմբագրած ու հրատարակած է հայ բանահիւսութեան նմուշներ, հայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու գիրքեր: 1935թ- Չարենցի դէմ սկսած են քաղաքական հալածանքներ: 1937թ-ի յուլիսին բռնադատուած է, նոյեմբեր 27-ին մահացած է Երեւանի բանտի հիւանդանոցին մէջ, գերեզմանին տեղը անյայտ է: Արդարացուած է յետմահու: Սահմանուած է ՀԳՄ Չարենցի անուան մրցանակ:
ՀՀ հազարանոց թղթադրամին վրայ պատկերուած է Չարենցի դիմանկարը, Երեւանի մէջ կը գործէ անոր տուն-թանգարանը: Չարենցի  անունով կոչուած են փողոցներ, դպրոցներ, գրադարաններ Երեւանի, ՀՀ, ԼՂՀ եւ Ջաւախքի քաղաքներուն մէջ, Չարենցաւան քաղաքը, Երեւանի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Երեւանի մէջ կառուցուած է անոր յուշահամալիրը, անոր անուան դպրոցին առջեւ տեղադրուած է բանաստեղծի կիսանդրին:
Ձեռնարկներու շարքը կազմակերպած են Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը, Հայաստանի գրողներու միութիւնը եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութիւնը:
Չարենցի ծննդեան օրը միաւորած է նաեւ «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցի օգտատէրերուն, որոնք գովասանքի խօսքեր կը գրեն բանաստեղծի ձգած գրական ժառանգութեան հասցէին:

armenpress.am

Scroll Up