Չինաստանի Սահմանափակ Կարողութիւն Ունեցողներու Երգի Ու Պարի Համոյթը Յուզեց Հանդիսատեսը Ռիթա Սարգսեանի «Արեւ Ենք Միասին» Երգով

 Չինաստանի սահմանափակ կարողութիւն ունեցողներու երգի ու պարի համոյթը առաջին անգամ հանդէս եկաւ Հայաստանի մէջ:

Համոյթը մարտ 12-ին Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ ներկայացուց «Իմ երազանքը» ստեղծագործութիւններու շարքը` օփերայի եւ պարային իւրատեսակ միախառնութիւնով: Ձեռնարկին իրականացուեցաւ «ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Չինաստանի ժողովրդական Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան միջեւ ստորագրուած 2012-2016թթ. մշակութային համագործակցութեան մասին» ծրագիրի ծիրէն ներս:
Երեկոն իրենց ներկայութեամբ պատուեցին ՀՀ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, ՀՀ-ի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տեան Չանչունը, ԱԺ փոխխօսնակ Հերմինէ Նաղդալեանը, ԱԳ նախարարի տիկին Նաթալեայ  Նալբանդեանը, մշակոյթի նախարարութեան եւ տարբեր երկիրներու դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, այլ պատուաւոր հիւրեր:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպեցին այս ձեռնարկը:
Չինաստանի մէջ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող մարդոց: Վերջին տարիներուն մեծ թիւով հաշմանդամներ կ’առողջանան: Մեր համոյթը հիմնադրուած էր դեռեւս 1987 թուականին: Համոյթն այսօր հիւրախաղերով հանդէս կու գայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ամէնուր անոնց կը դիմաւորեն ծափողջոյններով»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` նշեց Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տեան Չանչունը, ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան ընդգծեց, որ հայ-չինական յարաբերութիւններու պատմութիւնը խոր արմատներ ունի: Ան կարեւոր համարեց երկու երկիրներու համագործակցութիւնը: «Այսօր մենք Չինաստանի եւ Հայաստանի մէջ ունինք մշակոյթի օրեր, կը կազմակերպենք ցուցահանդէսներ եւ ծրագիրներ: Այսօրուան ձեռնարկը այդ համագործակցութեան դրսեւորումներէն մէկն է»,- աւելցուց Տէր-Վարդանեան:
Ձեռնարկին  ընթացքին Չինաստանի սահմանափակ կարողութիւն ունեցողներու երգի ու պարի համոյթը իր կատարումներով յուզեց հայ հանդիսատեսը: Որպէս անակնկալ` համոյթը կատարեց նաեւ Ռիթա Սարգսեանի «Արեւ ենք միասին» երգը, որ ուղեկցուեցաւ անդադար ծափահարութիւններով:
1987 թուականին սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող 30 մարդ հնարաւորութիւն կը ստանան մասնակցելու չինական առաջին մշակութային փառատօնին եւ կը հիմնադրեն Չինաստանի մէջ հաշմանդամներու կատարողական արուեստի թատերախումբ: Չինաստանի սահմանափակ կարողութիւն ունեցողներու երգի ու պարի խումբը եզակի է. այն իւրաքանչիւր տարի աւելի քան 150 ներկայացումով հանդէս կու գայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

http://armenpress.am/

Scroll Up