«Այս քայլով Զուիցերիան իր օրէնսդրութիւնը պաշտպանելու ճիգ կ՛ընէ, միաժամանակ` կ՛ընդառաջէ համայն հայութեան ակնկալիքին»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/20140311-Switzerland.jpg)
Կ՛ողջունենք Զուիցերիոյ կառավարութեան որոշումը` բողոքարկելու Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի 17 դեկտեմբերի որոշումը. փաստօրէն, այս քայլով Զուիցերիան իր օրէնսդրութիւնը պաշտպանելու ճիգ կ՛ընէ, միաժամանակ` կ՛ընդառաջէ համայն հայութեան ակնկալիքին` 17 դեկտեմբերի որոշումը բողոքարկելով` Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող խնդրայարոյց հաստատումները սրբագրելու կարելիութիւն ստեղծելով: Անշուշտ, այս հոլովոյթը տակաւին քանի մը հանգրուաններ ունի, որոնցմէ առաջինը պիտի ըլլայ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Մեծ պալատին կողմէ Զուիցերիոյ բողոքը ընդունիլ կամ չընդունելու որոշումը:
ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերը ամէնուրեք, հայութեան տարբեր հատուածները ներկայացնող այլ կառոյցներու հետ, դիմած էին Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն` նման որոշում մը կայացնելու համար: Այժմ, Հայ դատի յանձնախումբերը իրենց աշխատանքները պիտի կեդրոնացնեն յաջորդ հանգրուանները եւս արդիւնաւէտ անցընելու վրայ: Ասիկա այն խնդիրն է, որ կը պահանջէ համազգային համախոհութիւն եւ կարելիութիւններու լարում` ցանկալի արդիւնքին հասնելու համար: Ցանկալի արդիւնքը` Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող խնդրայարոյց հաստատումներու սրբագրութիւնն է:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ