Շուէտի Մօտ ՀՀ Դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի Հանդիպումները Ուփսալա Քաղաքին Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/unnamed-52.jpg)
Մայիս 5-6-ին Շուէտի մօտ ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեան այցելեց Ուփսալա քաղաք, ուր շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ:
Մայիս 5-ին տեղի ունեցաւ դեսպան Ապիտոնեանի հանդիպումը Ուփսալայի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Լարշ Պեքլիւնդի հետ: Քննարկուեցան Ուփսալայի եւ Հայաստանի համայնքներու միջեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան հեռանկարները: Միտքեր փոխանակուեցան Ուփսալայի զարգացման ծրագիրներու փորձը Հայաստանի մէջ տեղայնացնելու, մշակութային, գործարար եւ զբօսաշրջային կապեր զարգացնելու, հայ համայնքի կողմէ իրականացուող ձեռնարկներուն հնարաւորինս աջակցելու վերաբերեալ:
Մայիս 6-ին դեսպան Ապիտոնեան հանդիպեցաւ Ուփսալայի համալսարանի տնօրէն Եւա Օկեսսոնին: Զրուցակիցները քննարկեցին Ուփսալայի համալսարանի եւ Երեւանի պետական համալսարանի միջեւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները` հաշուի առնելով երկու երկիրներու մէջ համալսարաններու ունեցած յառաջատար դիրքերը եւ ընդհանրութիւնները: Միտքեր փոխանակուեցան ուսանողներու եւ դասախօսական կազմի փոխանակումներու, նաեւ հայ ուսանողներու կողմէ Ուփսալայի համալսարանին մէջ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւններու վերաբերեալ:
Մայիս 5-ի երեկոյեան դեսպան Ապիտոնեան Ուփսալայի «Հայ տուն» ակումբին մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում հայ-շուէտական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս` Շուէտի հայ համայնքի հետ գործակցութեան հիմնական ուղղութիւններու վերաբերեալ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: