Հայաստան Պիտի Այցելէ Սերպիոյ ԱԳ Նախարարը

ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով մարտ 9-11 պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի գտնուի Սերպիոյ Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Իւան Մրկիչը:

Սերպիոյ ԱԳ նախարարին պիտի ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Իւան Մրկիչը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին 2-րդի հետ:

Այցի ծիրէն ներս Սերպիոյ նախարարը պիտի մասնակցի Հայ-սերպական գործարար համաժողովին:

Մարտ 10-ին տեղի պիտի ունենան Հայաստանի եւ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները, որուն կը հետեւի համատեղ մամլոյ ասուլիս:

Նոյն օրը Սերպիոյ Հանրապետութեան ԱԳ նախարարը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս մասին «Հայերն այսօր» -ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասնեակէն:

Scroll Up