Հայաստանի ԱԳ Նախարարի Հանդիպումը Զուիցերիոյ Համադաշնութեան Նախագահին

Աշխատանքային այցով Ժընեւ գտնուող ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մարտ 6-ին հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ գործող նախագահ Տիտյէ Պուրկհալտերի հետ:

Հայաստանի ԱԳ նախարարը Տիտյէ Պուրկհալտերին փոխանցեց ՀՀ  նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնները եւ գրաւոր ուղերձը:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին հայ-զուիցերական քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին, համակողմանի փոխգործակցութեան զարգացման ընթացքին եւ քննարկեցին յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ խորացման առնչուող հարցեր: Յատուկ կարեւոր համարուեցաւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ համատեղ քայլերու ձեռնարկումը:

Զուիցերիոյ նախագահն ու Հայաստանի ԱԳ նախարարը հանգամանալից միտքեր փոխանակեցին ԵԱՀԿ օրակարգային խնդիրներու, զուիցերական նախագահութեան նախաձեռնութիւններու շուրջ:

Նախարար Նալբանդեան նախագահ Պուրկհալտերին ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կողմէ գործադրուող ջանքերը: Այս ծիրէն ներս Տիտյէ Պուրկհալտերը վերահաստատեց աջակցութիւնը Մինսկի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան:

Հանդիպման անդրադարձ կատարուեցաւ այս տարուան յունիսին Տիտյէ Պուրկհալտերի Հայաստան կատարելիք այցելութեան, միտքեր փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու շուրջ: Այս մասին «Հայերն այսօր» -ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասնեակէն:

Scroll Up