ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական խոսքը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին՝ «Շնորհալի» երգչախումբի հիմնադրման 40-ամեակին առիթով

Վեհափա՛ռ Տէր,

Սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբի հիմնադրման 40-ամեակին առիթով:

Իր գործունէութեան 40 տարիներուն ընթացքին «Շնորհալի» երգչախումբը, հաւատարիմ իր անուան նշանակութեան, իր անաղարտ, հայեցի կատարումներով հմայած է հայ ունկնդիրները` անոնց սրտերուն միշտ վառ պահելով կոմիտասեան երգի ու տաղի հայրենաշունչ եւ աստուածահաճոյ մեղեդիները, անով իսկ նպաստելով հայապահպանութեան, հայ ոգիի յարատեւման:

Առաջնորդուելով ազգային, հոգեւոր, մշակութային-երաժշտական արժէքներու պահպանման ազնիւ մտահոգութեամբ` «Շնորհալի» երգչախումբը կը շարունակէ հայ երգի աւանդոյթները` չափանիշ ունենալով միջնադարեան Հայաստանի մեծագոյն բանաստեղծ-երաժիշտ եւ հայ երաժշտութեան կիլիկեան դպրոցի ամենափայլուն ներկայացուցիչ Ներսէս Շնորհալի Երգեցողի արուեստը նորովի ներկայացնելու պահանջը:

Թող «Շնորհալի» երգչախումբի առաքելութիւնը օրինակելի եւ ոգեւորիչ դառնայ նաեւ հայկական սփիւռքի միւս համայնքներուն:

Կը մաղթեմ, որ «Շնորհալի» երգչախումբը նորանոր յաջողութիւններ ունենայ, նուաճէ նոր բեմեր եւ հայ մշակոյթը ներկայացնէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

ՄԱՏՉԻՄ Ի ՀԱՄԲՈՅՐ ՍՈՒՐԲ ԱՋՈՅԴ

ԽՈՐԻՆ ԵՐԿԻՒՂԱԾՈՒԹԵԱՄԲ` 

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Scroll Up