Գիրքի Շնորհանդէս Մոսկուայի Մէջ
Ռուսիոյ մէջ Մարտ 4-ին, ՀՀ դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Ռուբէն Գալիչեանի “Азербайджанские историко-географические фальсификации” ռուսալեզու գիրքի շնորհանդէսը:
Ձեռնարկին ելոյթով հանդէս եկաւ ՌԴ մօտ Հայաստանի դեսպան Օլեգ Եսայեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ վերոնշեալ գիրքը մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ ինչպէս գիտական, հասարակական, այնպէս ալ ընթերցասէր լայն շրջանակներու համար: «Ռուբէն Գալիչեանի այս աշխատութիւնն արժէքաւոր է առաջին հերթին այն առումով, որ այն ներկայացնում է տարածաշրջանի իրական պատմութիւնը, որի միտումնաւոր խեղաթիւրումը ստեղծում է լուրջ խոչընդոտներ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցում, ինչպէս նաեւ խաթարում է տարածաշրջանի ժողովուրդների միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւնների զարգացմանը», – ընդգծեց դեսպան Եսայեան:
Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկաւ գիրքի հեղինակը` խօսելով Ատրպէյճանի կողմէ վարուող պատմութեան խեղաթիւրման ուղղուած քաղաքականութեան, անոր ակունքներու եւ նպատակներու մասին: Ան նշեց, որ այս գիրքը երկարատեւ, մանրակրկիտ աշխատանքի արդիւնք է եւ կը ներկայացնէ իրական պատմութեան առարկայական ներկայացման փորձ:
Շնորհանդէսին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ ռուսական Սեւծովեան տարածաշրջանի քաղաքական եւ սոցիալական հետազօտութիւններու ինստիտուտի տնօրէն Վ.Զախարովը, «Աշխարհի ժողովուրդներու հոգեւոր միասնութեան միջազգային ակադեմիոյ» նախագահ Գ.Տրապեզնիկովը, «Ռուս-հայկական համագործակցութեան» նախագահ Իւ.Նաւոյեանը, “Армянский принц Манук бей”, “Веапар: Воспоминания о Вазгене Первом”, “Спасенный Римом. Кардинал Григор Аганджанян” ռուսալեզու գիրքերու հեղինակ Գոհար Ռշտունին, «Արարատ» մշակութային միութեան նախագահ Է.Դոլբակեանը, “Հայասա” տեղեկատուական թերթի գլխաւոր խմբագիր Տ. Մանասեանը:
Ձեռնարկին մասնակիցներուն մէջ էին նաեւ անուանի քաղաքագէտներ, պատմաբաններ, համայնքային եւ ռուսաստանեան հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, երիտասարդական կազմակերպութիւններու, ՌԴ Գրողներու միութեան, մոսկովեան համալսարաններու հայ եւ այլազգի դասախօսական անձնակազմի, ինչպէս նաեւ հայկական եւ ռուսաստանեան ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:
Տեղեկանք: Ռուբէն Գալիչեանի “Азербайджанские историко-географические фальсификации” ռուսալեզու գիրքին մէջ մանրամասն ներկայացուած են Հարաւային Կովկասի պետութիւններու ձեւաւորման հիմնական փուլերը` տարբեր դարաշրջաններու քարտէզներու պատկերմամբ եւ պատմական սկզբնաղբիւրներու յղումներով: Աշխատութիւնը յագեցած է պատմաբանական եւ ազգագրական նիւթերով, ներկայացուած է մօտ 45 պատմաբանական մեծ նշանակութիւն ունեցող քրիստոնեայ, իսլամական եւ յունա-հռոմէական քարտէզներու վերլուծութիւն: