ԱԳ Նախարարը Կ’այցելէ Ժընեւ

Մարտ 5-7 ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աշխատանքային այցելութիւն պիտի կատարէ Ժընեւ, ուր նախատեսուած է անոր ելոյթը Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 25-րդ նստաշրջանի բարձրաստիճան հանդիպման:

Մարտ 7-ին Հայաստանի ԱԳ նախարարը պիտի մասնակցի եւ ելոյթ ունենայ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատժման մասին Պայմանադրութեան 65-ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան քննարկման, որ պիտի գումարուի անցեալ տարի Հայաստանի նախաձեռնութեամբ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի կողմէ պայմանադրութեամբ ընդունուած`  ցեղասպանութեան կանխարգելման վերաբերեալ բանաձեւի համաձայն:

Ժընեւի մէջ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պիտի ունենայ  շարք մը երկկողմ հանդիպումներ:  Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին յայտնեցին ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up