Մայրենիին Նուիրուած Տօն Սելիտովոյի Հայկական Դպրոցին Մէջ

Օտարութեան մէջ, ուր ամէնուր` դպրոց եւ փողոց, մշակութային կեդրոններ եւ այլուր կը հնչէ օտար լեզու, դժուար է հայուն հայ պահել, սակայն շնորհիւ հայկական դպրոցներու եւ ծնող-ուսուցիչ միահամուռ աշխատանքի` մեր երեխաներն ու պատանիները օտար ափերու վրայ կը դաստիարակուին հայեցի:

Ուքրանիոյ Տոնեցկի մարզի Սելիդովօ քաղաքի «Հայորդիք» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաները իրենց լիարժէք հայ կը զգան, մեծ խինդով ու հպարտութեամբ կը յաճախեն դպրոց: Դպրոցը անոնց համար դարձած է հարազատ միջավայր, ուր կրնան խօսիլ ու մտածել  հայերէն:

Դպրոցին մէջ կազմակերպուող իւրաքանչիւր ձեռնարկ կ’անցնի շատ գեղեցիկ ու բարձր տրամադրութեամբ: Հերթական ձեռնարկը նուիրուած էր մայրենիին:

Մայրենիի տօն… Տօն, որուն մեծ ոգեւորութեամբ  պատրաստուած էին երեխաները: Դահլիճը լեփ-լեցուն էր: Հրաւիրուածները անհամբեր կը սպասէին վարագոյրի բացուելուն: Հնչեց ՀՀ օրհներգը, ու երեխաները հպարտ քայլերով մտան դահլիճ, ու մեր սաներու շուրթերէն հնչեց,  զիլ ղօղանջեց Հայաստանի Օրհներգը:

Այնուհետեւ ներկայացուեցան դրուագներ Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքէն, մեսրոպեան տառերու ստեղծման պատմութենէն, հնչեցին հայրենասիրական եւ հայոց լեզուին նուիրուած բանաստեղծութիւններ, ազգագրական եւ հայրենսիրական երգեր:

Ձեռնարկի վերջաւորութեան մեր փոքրիկ դերասանները ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Քաջ Նազարը»: Ձեռնարկը աւարտեց, հանդիսատեսը յոտնկայս ծափահարութիւններով արտայայտեց իր գոհունակութիւնը: Դպրոցի սաները եւ ծնողներն ու հիւրերը հրաժեշտ տուին իրարու` դարձեալ հանդիպելու ակնկալիքով:

Աղաւնի Կարախանեան

Դոնեցկի մարզի Սելիտովօ եւ Դիմիտրով քաղաքներու հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի:

Scroll Up